ՔԵՍԱՊԱՀԱՅԵՐ ՀԱՍԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Kategori: Համայնքային

kesablı haylar 2Վերջերս Սուրիայէն Թուրքիա ապաստանած խումբ մը Քեսապահայեր, այսօր հասան Լիբանան։

Առժամեայ կարգադրութեամբ Վագըֆլըգիւղ փոխադրուած Քեսապահայերէն 18 հոգինոց խումբ մը, 15 Մայիս 2014, Հինգշաբթի, երեկոյեան օդային ճամբով հասաւ Ստանպուլ։

Խումբին մաս կը կազմէին. Յակոբ Կիրակոսեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Բաբգէն Ճուրեան, Նուարդ Ճուրեան, Ասպետ Ճուրեան, Յակոբ Ճուրեան, Գարուն Թիթիզեան-Ճուրեան, Սաթենիկ Թիթիզեան, Սրբուհի Թիթիզեան, Ծովինար Սաղտըճեան-Սուլեան, Մովսէս Արապեան, Մարթա Արապեան, Ներսէս Թանկուկեան, Անահիտ Ահարոնեան, Գարուն Տէր Սահակեան, Զաւէն Յովսէփեան, Ճորճ Քորթմոսեան, Սերոբ Սուլեան։

Խումբին կ՚ընկերանային Վագըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափար եւ անդամներէ՝ Կարպիս Քուշ եւ Պէտրոս Քէհեաօղլու։  Խումբը, օդակայանի մէջ դիմաւորուեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցչին կողմէ։

Խումբի անդամները առաջնորդուեցան, իրենց համար պատրաստուած սրահը։ Խումբի հանգստութեան համար կատարուած էին բծախնդիր միջոցառումներ։ Յատկապէս խումբի տարեց անդամներուն համար, ամէն տեսակ մանրամասնութիւն նկատի առնուած էր։

Անոնք, ուշ երեկոյեան Թուրք Օդային Գծերու օդանաւով մեկնեցան Լիբանան եւ դիմաւորուեցան պատկան իշխանութեանց կողմէ։ Թէ՛ Ստանպուլի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ պատկան իշխանութիւններ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Քեսապահայոց նկատմամբ։ Խումբի անդամները, աւելի յետոյ յատուկ ինքնաշարժով մը ուղղուեցան Ազգային Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Քեսապահայոց ընտանեկան պարագաներուն եւ ազգականներուն կողմէ։ Այստեղ ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Դեսպան՝ Աշոտ Գօչունեան։ Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները, տեղեկութիւններ փոխանցելէ եւ բարի մաղթանքներ յղելէ յետոյ բաժնուեցան Առաջնորդարանէն։

Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները Շաբաթ պիտի վերադարնան Ստանպուլ։