ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՑ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Kategori: Աշխարհական

abd baskonsolosՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 11 Ապրիլ 2014, Ուրբաթ օր, շարք մը տեսակցկարութիւններ ունեցաւ, որոնք  անմիջականօրեն առնչուած էին Թուրքիա ապաստանած Քեսապահայոց հետ։

ԱՄՆի աւագ հիւպատոս Չարլս Ֆ. Հանթըր, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւպատոս Հանթըր, Թուրքիա ապաստանած Քեսապահայերու մասին տեղեկութիւն առնելու նպատակաւ եկած էր Պատրիարքարան։ Արամ Արքեպս. յայտնեց որ, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը առաջին իսկ մէկ օրէն հետաքրքրուած էր ապաստանած Քեսապահայերու կացութեան հետ։ Այս նպատակաւ, նախարարութեան դիւանը կապ հաստատած էր Իր հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հանթըրին, Իր հետաքրքրութեան համար։ Հիւպատոս Հանթըր, իր ուրախութիւնը յայտնեց լսելով Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դրական մերձեցումը եւ օժանդակութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, նոյն օրը հեռաձայնով տեսակցութիւն ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանի հետ։ Արամ Արքեպս., Շահան Արք.ին յայտնեց իր ցաւը տեսնելով Քեսապահայոց ներկայ վիճակը։ Անդրադարձաւ նաեւ Վագըֆգիւղ գտնուող 21 Քեսապահայերու կացութեան։ Անոնցմէ շատերը Պէյրութ երթալ կը փափաքէին։ Շահան Արք. յայտնեց թէ ներկայիս Քեսապահայոց մեծ մասը ապաստանած էր Լաթաքիայ եւ Քեսապի մէջ մնացած էին 1 կամ 2 անձեր։ Փոխանորդ Սրբազան Հայրը փափաք յայտնեց որ, Թուրքիա փոխադրուած Քեսապահայերուն Պէյրութ երթալու պարագային, անոնց հանգստութեան համար հարկաւոր կարգադրութիւնները կատարուէին։

Նորին Սրբազնութիւնը Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց որ Թուրքիա ապաստանած Քեսապահայերէն մօտաւորապէս 15 հոգի կը փափաքէին Պէյրութ երթալ, իսկ 1 հոգի Հայաստան։ Նկատելով որ նախարարութիւնը իր օժանդակելու պատրաստակամութիւնը յայտնած էր, Նորին Սրբազնութիւնը փափաք յայտնեց որ իրենց ճանապարածախսը դիմագրաւէր  նախարարութիւնը։ Նախարարութեան դիւանը, այս փափաքը ներկայացուց յարգելի Նախարար Ահմէտ Տավութօղլուին։ Ան, բարի գտնուելով ընդունած էր ընդառաջել սոյն խնդրանքին, միակ պայմանաւ որ երբ անոնք իրենց փափաքած երկիրը հասնէին, այդտեղ դիմաւորուէին պատկան անձերու կողմէ։ Նաեւ իրենց համար նախապէս պէտք է կատարուէին կեցութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները։ Արամ Արքեպս. մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց եղած կարգադրութեան համար։