ՔՈՉ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

koc universiteՔոչ Համալսարանի Խորհրդակցական Մարմնի անդամներէ եւ իրենց կողակիցներէ բաղկացեալ խումբ մը, 27 Յունիս 2014, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան։ Խումբը ապա Նորին Սրբազնութեան ընկերակցութեամբ այցելեց, Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։