ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ հիմնուած Գործածուած Զգեստներու եւ Կարասիներու Արժեւորման Յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ իրեն յատկացուած սենեակին մէջ։ Յանձնախումբը իր հիմնադրութենէն ասդին կատարած աշխատանքներով մօտաւորապէս 400 հոգիներու բաժնած է աւելի քան 4,000 ձեռք զգեստ կամ կարասի։ Զգեստներ կամ կարասիներ Մայր Եկեղեցի կը բերուին կա՛մ նուիրատուներու կողմէ, կամ ալ կը հաւաքուին յանձնախումբի անդամներուն կողմէ՝ ամիսը մէկ անգամ։ Լինտա Սիւմէ, որ կը գլխաւորէ յանձնախումբը, անցեալ շաբաթ ներկայանալով Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, յանձնեց երկամսեայ տեղեկագիրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով տարուած աշխատանքը, կոչ ուղղեց բոլորին, որ սատար կանգնին տարուած աստուածահաճոյ այս աշխատանքին։
Նուիրատուներ կրնան կապ հաստատել Լինտա Սիւմէի հետ հետեւեալ համարներով.

0212 296 83 66, 0536 316 6470
0212 517 09 70-71 / 160