ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

Ortakoy Vakfi Ziyaret

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 7 Ապրիլ 2021, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Իսկենտէր Շահինկէօզն ու անդամներէն՝ Արէտ Քօրեանը։

Այցելուներ քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած էին Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն տալ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս այցելութիւնը առիթ կը ստեղծէր նաեւ, որ այցելուներ վերջերս Օրթագիւղի մէջ կատարուած պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեն Պատրիարք Հօր եւ եկեղեցւոյ ապագայ գործունէութեան մասին զրուցեն մեր Հոգեւոր Պետին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թաղային Խորհուրդի գործունէութեանց մասին եւ արտայայտուեցան իրենց կատարած նիւթական օժանդակութեանց մասին։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ նաեւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի պատճառաւ հաստատութիւններու դիմագրաւած նիւթական եւ բարոյական նեղութիւնները։

Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ ուրախութիւն յայտնեց թէ՝ Օրթագիւղը կը շարունակէ իր եկեղեցական, կրթական եւ բարեսիրական գործունէութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Խորհուրդի ծառայութիւնը եւ մաղթեց որ համավարակի ստեղծած նեղութիւնները ի մօտոյ հեռանան եւ խորհուրդը ապագային առաւել եւս ընդարձակէ իր առաքելութիւնը։