«ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ»Ի ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

bartev trՀամայնքիս հանրածանօթ երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան, այս տարի կը բոլորէ իր երաժտական գործունէութեան 35-ամեակը։ Ան, երկար տարիներ իր կատարած երաժշտութեամբ ծանօթացուցած է Հայ Երգը եւ լայն ընդունելութիւն գտած՝ համայնքի անդամներէն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, գնահատելով տաղանդաւոր երգիչին բազմամեայ գործունէութիւնը, որոշած են, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ իրեն շնորհել Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ը։ Այս Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2014ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, ի ժամ Ս. Պատարագին, Օրհնութեան Գրի ընթերցմամբ, շքանշանը պիտի յանձնուի Սահակ Պարթեւ Կարեանին։

Համայնքային մարմիններու, մամլոյ ներկայացուցիչները, բարեպաշտ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը սիրով կը հրաւիրուին մասնակցելու հոգեպարար արարողութեանց եւ ներկայ ըլլալու պարգեւատրման։