ՕՖՖԸՆՊԱԽ՝ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

212Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 17 Օգոստոս 2005, Չորեքշաբթի, ժամը 14.30-ին, իր ուղեկիցներուն հետ ժամանեց Քէօլնի Օ‎ֆֆընպախ հրապարակը, ուր Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրուան առիթով հսկայ բեմ մը կառուցուած էր։

Նախ իրերայաջորդ կերպով ելոյթ ունեցան Քոնկօ, Պոլիվիա եւ Փէրուէն ժամանած նուագախումբեր ու երգիչներ՝ իրենց ազգային տարազներով։

Ապա խումբ մը համալսարանական երիտասարդներ հրապարակային ասուլիս ունեցան, նախապաշարումի եւ տգիտութեան վատ հետեւանքներուն մասին։

Իսկ ժամը 16.30-ին հրապարակային հարցազրոյց ունենալու համար բեմ բարձրացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Զրոյցը անգլերէնով վարեց Մարթին Պուխհոլց, իսկ Նորին Ամենապատուութեան անգլերէնով տուած պատասխանները թարգմանուեցան սպաներէնի։

Ճանաչողական բնոյթ ունեցող զրոյցի ընթացքին, հրապարակը լեցնող շուրջ հազար երիտասարդ դիտորդներու առջեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագման, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ջանքերով Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ճանաչման, Հայ Գրերու Գիւտին, Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հետ մշակուող միջեկեղեցական յարաբերութիւններու, Քրիստոնեայ-Իսլամ միջկրօնական յարաբերութիւններու, Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներու երկխօսութեան անհրաժեշտութեան եւ Թուրքիոյ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան զօրակցութեան շուրջ։

Հրապարակային հարցազրոյցի աւարտին, յայտագիրը մշակութային զանազան ձեռնարկներով տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը։