ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

11226544_503167823176439_7615247236851501996_nՖէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ, 16 Հոկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, տեղի ունեցաւ Temel İlkeleriyle Hristiyanlık (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին շնորհահանդէսը։ Սոյն հանդիսութիւնը, ունէր պատմական եւ եզակի բնոյթ, քանի որ գիրքը հրատարակուած էր Թուրքիոյ բոլոր եկեղեցիներու առաջնորդներուն արտօնութեամբ։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած էր Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի երկարատեւ աշխատութեամբ։ Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած սոյն հանդիսութեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս ներկայ եղան՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Միջեկեղեցական-Միջքրիստոնէական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին նաեւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը, Իսթանպուլի Պապական Փոխանորդ  Մոնս. Լուի Փըլաթր Եպիսկոպոսը եւ Թուրքիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ՝ Վերապատուելի Իհսան Էօզպէք, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւորականներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Հանդիսութեան խօսնակի պարտականութիւնը ստանձնեց՝ Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն՝ Թամար Քարասու եւ բացման խօսքը կատարեց «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է, որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սղմ. 133.1) սաղմոսի համարի ընթերցումով։ Ապա, յանուն Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի, բեմ հրաւիրուեցաւ Սահակ Սրբազան։ Նորին Սրբազնութիւնը, հանգամանօրէն տեղեկութիւններ տուաւ այս յանձնախումբի կազմութեան, աշխատութեան եւ գիրքի հրատարակութեան մասին.

«Սահակ Սրբազանի Խօսք» (Թարգմանուած)
———-

11227765_503167939843094_1902745051799900365_n2002-ին երբ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացի աշխատանքնները կþաշխուժանային, երկրին ուղղուած քննադատութիւններէն մէկ էր՝ դասագիրքերու մէջ փոքրամասնութեանց նկատմամբ  սխալ եւ կամ խեղաթիւրուած գիտելիքներու գոյութեան պարագան։ Կրթական Նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ Հայ Վարժարաններու ուսուցիչներէն ոմանց օգնութեան դիմեց։ Մանաւանդ, պահանչեց, որ կրօնքի եւ բարոյագիտութեան դասերու նիւթերը գրի առնուէին Քրիստոնեայ ուսուցիչներու կողմէ։ Այս ուսուցիչները, իրենց կրօնքի գիտելիքնները անբաւարար նկատելով, դիմեցին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հետ տեսակցելէ յետոյ, նկատի ունենալով սոյն խնդրին  լուրջ բնոյթը, յետ՝ բոլոր եկեղեցիներու առաջնորդներու ներկայութեամբ գումարուած ժողովի քննարկման, որոշուեցաւ հասարակաց յանձնախումբի մը կազմութիւնը։

Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող այս յանձնախումբը, Նիկիոյ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ Հարիսիատիսի ատենապետութեամբ, կանոնաւոր ժողովներ գումարեց եւ յիշեալ բոլոր նիւթերու մասին տեղեկագիր պատրաստեց։ Այս աշխատութիւնը իր դրական արդիւնքը տուաւ եւ դասագիրքերու մէջ Քրիստոնէութեան եւ կամ Քրիստոնեաներու նկատմամբ  սկսան աւելի բծախնդրօրէն պատրաստուած գրութիւններ տեղ գտնել։ Մէկ տարուայ աշխատութենէ յետոյ յանձնախումբը, իր առաքելութիւնը աւարտած ըլլալով պէտք էր ցրուեր։ Բայց չցրուեցաւ։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Յանձնախումբի անդամակիցները փոքր ընտանիքի մը վերածուած էին։ Կը կարծեմ թէ Տէրը օրհնեց այս սիրոյ մթնոլորտը։

Ի ձեռին ունէինք հասարակաց գրութիւններ։ Այս պարագային բոլորս ներշնչուեցանք։ Եթէ այս բաները գրելու կարելիութիւնը ունէինք, ինչո՞ւ մեր հասարակաց հաւատքը գիրքի մը մէջ չարձանացէինք։ Բայց եւ այնպէս, գրութիւնները, տարբեր անձերու կողմէ գրի առնուած էին։ Որպէսզի մէկ գիրքի վերածուէր, մէկ հեղինակի կողմէ նոյն ոճով պէտք էր որ խմբագրուէր։ Պարտականութիւնը ինծի յանձնուեցաւ։ Յանձնախումբի կողմէ ճշդուած բովանդակութեան համաձայն սկսայ գրելու: Գրուածները, նախադասութիւն առ նախադասութիւն, երբեմն նոյնիսկ բառ առ բառ ձեռք առնուեցան։ Կատարուած առարկութեանց եւ առաջարկներու լոյսին տակ կրկին ու կրկին խմբագրուեցաւ։ 2003-ին սկսած յանձնախումբի սոյն աշխատութիւնը, 2005-2011ի իմ Հայաստան մեկնելովս պատճառաւ դադրեցան։ 2011-ին վերստին սկսանք մեր ժողովները գումարել, շարունակելով մեր աշխատանքը։ Ի վերջոյ   պակասները լրացուցինք գիրքի խմբագրութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Գիրքին բնագիրը բոլոր եկեղեցիներուն ղրկուեցաւ որպէսզի կարդացուի, քննադատուի եւ առաջարկներ ներկայացուի։ Բոլոր  եկեղեցիները ներկայացուցին իրենց առաջարկները, որոնք յանձնախումբի ժողովներուն նկատի առնուեցան եւ հարկաւոր ուղղումները կատարուեցան։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցան Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր՝ Փրօֆ. Տքթ. Արհ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Փրօֆ. Տքթ. Պրուսայի Մետրոպոլիտ  Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս եւ Աստուածաբան Տքթ. Քէն Ուիսթ, որոնք իրենց թանկագին առաջարկներով թէեւ մեզի բաւական զբաղեցուցին, սակայն անոնց ներդրումով մեր գիրքը առաւել եւս հասունցաւ եւ կատարելագործուեցաւ։

Այս գիրքը, եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ վաւերացուելով հասած  է իր ամենասքանչելի հանգրուանին։ Գիրքի առաջին էջին վրայ կը կարդանք, թէ Ուղղափառ, Կաթողիկէ, Հայ, Ասորի եւ Բողոքական եկեղեցիներու առաջնորդները «կը վաւերացնեն գիրքի տպագրութիւնը եւ կը յանձնարարեն, որ կարդացուի»։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մօտէն ծանօթ անձնաւորութեանց համար, այս վերտառութիւնը հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն է։ Յիրաւի այս էջը գիրքին բաղադրութիւնը կը փոխէ եւ մեր պղինձը ոսկիի կը վերածէ։  Երկուհազար տարուան եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ չէք կրնար նման էջի մը հանդիպիլ։ Մեր յարգարժան կրօնապետները իրենց նախզգացումով, նախատեսութիւնով եւ բարի կամեցողութեամբ կրցին այս յաջողութիւնը ձեռք բերել։ Ուստի անոնք արժանի են փառաւոր ծափահարութեան։ Քրիստոսի Եկեղեցին երկուհազար տարիէ ի վեր նման առաջնորդական հասկացողութեան մը կարօտը ունէր։

Յարգելի ներկաներ, երանի ձեր աչքերուն։ Որովհետեւ բազում մարգարէներ, սուրբեր, աստուածաբաններ, միլիառաւոր հաւատացեալներ, հովիւներ եւ սրբազաններ, հակառակ իրենց փափաքին, չկորաղացան տեսնել այսպիսի գիրք մը։ Կը հաւատանք թէ, այս գիրքին իր բուն ազդեցութիւնը զգալի պիտի դառնայ, օտար լեզուներու, յատկապէս Անգլերէնի թարգմանուելէ յետոյ։ Գիրքի ազդեցութիւնը պարունակութենէն աւելի, հասարակաց յանձնախումբի եւ վաւերացնող եկեղեցւոյ առաջնորդներու բերմամբ, տակաւ առ տակաւ պիտի աւելնայ։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Պոլիսէն զօրաւոր հով մը պիտի ալեկոծէ բոլոր Քրիստոնեայ աշխարհը։ Եւ համայն աշխարհ, ականատեսը պիտի ըլլայ, թէ Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն կապրի, այլ նաեւ կրկին ու կրկին կը ծաղկի Ս. Կոյս Մարիամի ընծայուած այս քաղաքին մէջ։

Կ՚ուզեմ արտայայտուիլ այս գիրքի տիեզերական ոգիին մասին։
Միջեկեղեցական ժողովներու մէջ տեւաբար կրկնուած ու նշանաբանի վերածուած սկզբունք մը, այս գիրքին մէջ առաջին անգամ այս աստիճանի շօշափելի դառնալով, մարմին կը զգենու։

«Մեզ միացնող նիւթերը աւելի են քան մեզ բաժնողները» նախադասութեամբ արտայայտուած պնդումը, մենք գիրքի վերածեցինք եւ ապացուցանեցինք թէ Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքենրու շուրջ կրնանք մեկտեղուիլ, հասկցուիլ եւ նոյն հաւատքին միասնաբար «ամէն» ըսել։ Երբեմն այնպէս կը թուի թէ միջեկեղեցական շարժումը չյառաջանար։ Սակայն միջեկեղեցական շարժումի մէջ այս գիրքին անկիւնադարձ մը ըլլալու բնոյթը, պէտք է ընկալուի տարիներ շարունակ վասն միութեան կատարուած աղօթքներուն որպէս պատասխան։

Այս գիրքը, Աստուածաբաններ չգրեցին։ Արդէն աստուածաբաններէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը այսպիսի գիրք մը չէր կրնար գրել։ Եթէ կարենային արդէն մինչեւ այսօր կը յաջողէին։ Այս գիրքը, աստուածաբանական լուրջ գիտութեամբ օժտուած կրօնքի ուսուցիչներու, քրիստոնէականի դաստիարակներու եւ եկեղեցւոյ գործօն հովիւներու կողմէ գրուեցաւ։ Այս գործը, արդիւնքն է, փոխան բաժանման, միութիւնը շեշտող ոգիին։

Օրինակով մը պիտի ջանամ բացատրել այս ոգին։ Հոգեբանութեան ուսուցիչ մը, դասարանին մէջ պարապ ճերմակ էջի մը վրայ, սեւ կէտ մը կը դնէ եւ մի առ մի աշակերտներուն ցոյց կուտայ, հարցնելով թէ ին՞չ կը տեսնէին։ Բոլորին ալ պատասխանը նոյնը կþըլլայ. «Սեւ կէտ մը»։ Ուսուցիչը, «տարօրինակ բան» կþըսէ ու կը շարունակէ. «Ես ձեզի ճերմակ էջ մը ցոյց կուտամ, բայց դուք միայն շատ փոքր սեւ կէտը կը տեսնէք»։

Դարեր շարունակ եկեղեցիներ երբ իրարու վրայ կը նայէին, փոխանակ զիրենք միացնող մեծ ճերմակ էջին, վարժութիւն ըրած էին՝ փոքրաթիւ սեւ կէտերը տեսնելու։ Այս վերջինը աստուածաբանական վարժութիւն մըն էր։ Աւերիչ աստուածաբանական հիւանդութիւն մը։ Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու հաւատքի միջեւ եղած սեւ կէտն էր «filio que» վերտառութեան «que» բառն է։ Արեւելեան Ուղղափառ եւ այլ եկեղեցիներու միջեւ եղած սեւ կէտն է «մի բնութիւն» ասութեան, մէկ կամ երկու ըլլալու շուրջ յառաջացած վէճերը։ Բարեկարգեալ Բողոքական եւ այլ պատմական եկեղեցիներու միջեւ յառաջացած տարակարծութիւնը կը կայանար “ sola scriptura” վերտառութեան «sola » բառին շուրջ։ Աստուծաբաններ դարեր շարունակ, եկեղեցիները եւ հաւատացեալները համոզած էին թէ՝ այս բառերը որքան կարեւոր եւ կենսական էին Քրիստոնէութեան համար եւ պէտք էր հերետիկոս նկատել անոնք, որոնք կը մերժէին ընդունիլ այս բառերը։ Հետեւաբար, այդ բառերը մերժողները արժանի էին թէ՝ նզովքի եւ թէ՝ դժոխք ղրկուելու, իրենց կոկորդները կտրելէ յետոյ։ Մեր նախահայրերը, որոնք այսպէս համոզուած էին, իրենց համար այլ եկեղեցիներու անունները հայհոյանքի համազօր էին։

Այս յանձնախումբը չուրացաւ թէ սեւ կէտեր կային։ Սակայն հաւատաց որ այդ սեւ կէտերը մեր հաւատքի մէջ բուն տեղը չէին գրաւեր եւ պէտք էր կեդրոնանալ հասարակաց հաւատքի գետնին վրայ։

Ասոր համաձայն մեր հաւատքի հիմնական սկզբունքները՝ Աստուած, Երրեակ եւ մի աստուածութիւն, Յիսուս Քրիստոս, Իր ինքնութիւնը, առաքելութիւնը եւ վարդապետութիւնը, Խաչով իրականացած փառաւոր մեր փրկութիւնը,  Ս. Գիրքը, սիրոյ վրայ հաստատուած բարոյականի հասկացողութիւնը, բորորը մեր առջեւ կը գտնուէին որպէս ճերմակ էջ եւ բոլորը կը սպասէին որ անդրադառնանք իրենց գոյութեան։

Ուրախութեամբ անդրադարձանք թէ, բոլոր եկեղեցիներ կ՚ուսուցանէին փրկութեան հիմնական վարդապետութիւնը  եւ այս գիրքին միջոցաւ համայն աշխարհի բարձրաղաղակ յայտարարեցինք, թէ. «Այս գիրքի մէջ բացատրուած հիմնական հաւատքի սկզբունքները եւ ուսուցումները վաւերացնող ամէն եկեղեցի եւ հաւատացեալ, մեզի համար առանց վարանումի ի Քրիստոս Յիսուս փրկութեան բաժնեկից է եւ կþընկալուի՝ որպէս «եղբայր»։

Կը հաւատանք թէ, այս գիրքը որքան ատեն որ կարդացուի, այս հասկացողութիւնը պիտի արմատանայ Քրիստոնեաներու միջեւ։ Մեր յանձնախումբը, որոշեց ենթա-յանձնախումբ մը կազմել գիրքին Անգլերէնի թարգմանութեանը համար։ Յիրաւի, հանգամանօրէն կատարելի թարգմանութեամբ մը, այս գիրքը պիտի հասնի Քրիստոնեայ աշխարհի ամենահեռաւոր ծագերը, նման՝ լիճի մէջ նետուած քարի մը յառաջացուցած ալիքներուն։ Գուցէ, այլ յանձնախումբեր ալ այլ գիրքէն ներշնչուելով, կրնան ձեռնարկել՝ գրի առնելու աւելի հանգամանալից հասարակաց գիրքեր։

Սրտանց շնորհակալութիւններ բոլոր անոնց որոնք օգտակար եղան այս գիրքի պատրաստութեան։

Երբ գիրքի պատրաստութիւնը իր աւարտին հասաւ, Ս.Գրոց Ընկերութեան տնօրէնուհին՝ Թամար Քարասուն, յանձնախումբի անդամներուն չափ ուրախացաւ եւ ընդունեց գիրքի տպագրութեան ու ցրուումի ծախսերը ստանձնել։ Մեր շնորհակալութեան առընթեր կ­՚աղօթենք որ Աստուած իր օրհնութիւնը շնորհէ մեր այս թանկագին քրոջ։
Յանուն Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի, մեր մասնաւոր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին, որ սիրով հիւրընկալեց մեզ, գիրքի շնորհանդէսին առթիւ։

Այս գիրքի կը ձօնենք բոլոր հաւատացեալներու միութեան եւ կþաղօթենք առ Աստոուած,որ գիրքը ընթերցողներու համար դառնայ ներշնչման աղբիւր եւ օրհնէ այս բարեացակամ ձեռնարկը։

Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ բեմ ելաւ յանձնախումբի համակարգիչ՝ Տրդատ Քահանան եւ մի առ մի ծանօթացուց, յանձնախումբի անդամները.

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցէին Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ Հարիսիատիս, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Զէքի Սրկ. Տէմիր, Կալոթիկ Եկեղեցիէն՝ Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Աւետարանական Եկեղեցիէն Պէհնան Քօնութկան եւ Իսա Քարաթաշ։

12074868_503167543176467_6404626611770579964_nՏէր Հայրը, յիշեց նաեւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն՝ վախճանեալ Քորեպիսկոպոս Սամուէլ Աքտէմիրը եւ կամքի անկախ պատճառներով անդամութենէ հեռացած հոգեւորականները՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Հայր Տոսիթէոս Անակնոսթոփուլոս Քահանան եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Քսավիէ Ժաքօպ Վարդապետը։

Հարկ է նշել թէ, յանձնախումբի կազմութեան առաջին իսկ մէկ օրէն, գործօն մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռս կը ներկայացնեն՝ Սահակ Եպիսկոպոս եւ Տրդատ Քահանան։ Իսկ, այս տարի իրենց միացաւ Յարութիւն Աբեղան, որպէս ատենադպիր։

Գիրքի կողքը պատրաստեց Գեղանոյշ Էօզպաղ, իսկ սրբագրութիւնները կատարեց Նէսլիհան Օրանճը Եանկըն։

Նկատելով որ Տէր Հայրը իր մասին պիտի չկարենար արտայայտուիլ, խօսնակ Քարասուն, յանձնախումբի անդամներէն քաղած տեղեկութիւններու լոյսին տակ, հակիրճ կերպով ծանօթացուց Տէր Հայրը։ Ապա, խօսքը առաւ Հէյպէլիի Յունաց Դպրեվանքի տեսուչ՝ Փրօֆ. Տքթ. Պրուսայի Մետրոպոլիտ  Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիսը, որ Աստուածաբանի մը տեսանկիւնէն դիտելով գիրքի պարունակութեան մասին, համառօտ բացատրութիւններ տուաւ։

Բացատրական ելոյթներէ եւ քննադատական արտայայտութիւններէ յետոյ, մի առ մի բեմ բարձրացան Վերապատուելի Իհսան Էօզպէք, Մոնս. Լուի Փըլաթր Եպիսկոպոսը, Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը եւ Արամ Սրբազան։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ գիրքի տպագրութիւնը ողջունեցին եւ կարճ ելոյթներով տարուած աշխատութիւնը գնահատեցին, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը շեշտեցին եւ ըրին՝ բարեմաղթութիւններ։ Իսկ, իւրքանչիւր սրտի խօսքի աւարտին, ընթերցուեցան Ս. Գիրքէն բաժիններ, ինչպէս նաեւ աղօթքներ։

«Արամ Սրբազանի Խօսք» (Թարգմանուած)

———-

156044_503168046509750_2074858029436110511_n«Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է,
որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»
(Սղմ. 133.1)

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ, Ս. Գրական այս համարը կեանքի վերածեցինք։ Քրիստոսի Մարմինը՝ Ս. Եկեղեցին, բոլորս ի մի հաւաքեց որպէսզի բաժնեկից դառնանք միասնականութեան գեղեցիկ արդիւնքին։ Փառք Աստուծոյ, որ մեզի պարգեւեց վայելել այս առիթը։ Գիրք մը պատրաստուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ։ «Temel İlkeleriyle Hristiyanlık» խորագրեալ այս փոքր մատեանը, թէ՝ պարունակութեամբ, եւ թէ՝ զգեցած իմաստով մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ։ Որովհետեւ այս գիրքը, Քրիստոնեաներու առընթեր, տարբեր կրօնից հաւատացեալներուն համար եւս օգտակար պիտի ըլլայ, որպէսզի Քրիստոնէութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանան։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներու միասնականութենէն ծագում առած աշխատանքին այս պտուղը ձեռքբերուեցաւ ընդանալով ճանապարհէ մը, որուն առաջին հիմնաքարերը զետեղուեցան  Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին եւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Այս առումով, որքան շնորհակալութիւն յայտնենք քիչ կը մնայ։ Անոնց այս միասնականութիւնը լոյս եղաւ եւ այս լոյսը քոյր եկեղեցիները ի մի համախմբեց։ Անոնց առաջնորդ եղաւ եւ այսօր ալ այս գիրքին մէջ մարմին առաւ։

Այս գիրքը, որ միասնականութեան գեղեցիկ մէկ պտուղն է, ունի թանկագին պարունակութիւն, զոր կարելի չէ անտեսել։ Այս պարունակութիւնն է որ, առաջին գիծի վրայ կը բերէ եկեղեցիները միացնող տարրերը եւ ցոյց կու տայ թէ՝ անոնք աւելի բազմաթիւ են քան բաժանարար տարրերը։

Վստահ եմ որ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքը, մեծապէս պիտի ուրախանար, ի տես միասնականութեամբ ձեռք բերուած այս արդիւնքին։ Վստահ ենք թէ, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներն ու հաւատացեալները մեզի կ՚աղօթակցին, վասն Նորին Ամենապուութեան բժշկութեան։ Իրենց աղօթակցութիւնը մեզ կը զօրացնէ։

Այս գիրքի շնորհնդէսը կը զուգադիպի, մեր եկեղեցական օրացոյցի կարեւոր շրջաններէն միոյն, որ ծանօթ է Մշակոյթի Շաբաթ կոչումով։ Այս շրջանին կը յիշատակենք Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի կողմէ իրագործուած հայ գիրերու գիւտը, նաեւ՝ Սուրբ Վարդապետները, որոնք Ս. Գիրքը Հայերէնի թարգմանեցին, Աստուծոյ Խօսքը մեր ժողովուրդին իր մայրենի լեզուով մատուցանելու նպատակաւ։

Հետեւաբար, այսօր հանցութեան ծանօթացուած այս գիրքը, իր թանկագին պարունակութենէն անտեղեակ անհատներու օգտակար պիտի հանդիսանայ։ Այս առումով ալ ան, բոլորիս համար գիտութեան եւ մշակոյթի գանձ մըն է։ Այս գիրքի պատրաստութեան համար տարուած աշխատանքները զուգահեռ են Ե. Դարուն կատարուած աշխատանքներուն։
Երանի մեզի։ Մշակոյթի եւ պատմութեան օրրան Պոլսոյ մէջ, Աստուծոյ շնորհքներով ու օրհնութեամբ, վկաները եղանք աշխատանքի մը՝ որ օրինակ պիտի հանդիսանայ համայն աշխարհի։

Աստուած օրհնէ այս աշխատանքները եւ մեզի օգնական ըլլայ, որպէսզի միասնականութենէն ուղղուինք դէպի միութիւն։ Աստուած ուժ եւ կարողութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք այս ուղղութեամբ կ՚աշխատին։

Այս ուրախ առիթով յիշենք Քրիստոսի աղօթքը. «Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք» (Յովհ. 17.22)։ Այս աղօթքին խոր իմաստին սրտանց թափանցելով յիշենք յանձնախումբին խօսքը, որով կը յայտնաբերուի տարուած աշխատանքին նպատակը. «Մեզի դէպի միութիւն առաջնորդող ամենաազդեցիկ միջոցներէն մին է, ճշդել, արտայայտել եւ յայտարարել՝ ի Քրիստոս մեր հասարակաց հաւատքի սկզբունքները։ Ահաւասիկ նպատակը այս փոքրիկ մատեանին»։

Սրտանց շնորհակալութիւններ բոլոր անոնց որոնք օգտակար եղան այս գիրքի պատրաստութեան։

12108136_503167579843130_495218387695342674_nՈրպէս հանդիսութեան հիւրընկալը, հուսկ բանքը կատարեց, Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Նորին Սրբութիւնը, շնորհաւորեց յանձնախումբի անդամները, որոնց տգնաջան աշխատութեան արդիւնքն էր սոյն գիրքը։ Քրիստոնէութիւնը, Անատոլուի համար օտար կրօնք մը չէ։ Ան, պատմութեան ընթացքին ունեցած է խոր արմատներ։ Քրիստոնեայ հասարակութեան համար պարտականութիւն է, Քրիստոնէական կրօնի սկզբունքները իր դրացիներուն եւս բացատրել լաւագոյն կերպով։ Այս մէկը պէտք չէ ընկալուի որպէս միսիոնարականութիւն, այլ պէտք է ձգտի իրար աւելի լաւ ճանչնալու եւ համակեցութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծելու։ Ուրախութիւնն է նաեւ ի Քրիստոս եղբայրներու հասարակաց հաւատքին գիրքի մը մէջ լոյս տեսնելը։ Մանաւանդ, եկեղեցիներու պաշտօնական լեզուն հասկնալու դժուարութիւն ունեցող անձեր, այս գիրքի շնորհիւ աւելի մօտէն պիտի հաղորդուէին Քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը, իր խօսքերու աւարտիի, մաղթեց որ գիրքը օգտակար ըլլայ իր ընթերցողներուն։

Ապա հանդիսութեան ամենէն տպաւորիչ պահը եկաւ։ Բոլոր ներկաներ, իրենց լեզուով արտասանեցին «Տէրունական Աղօթքը»։ Տարբեր լեզուներով նոյն աղօթի արտայայտութիւնը, շօշափելի օրինակը տուաւ գիրքի ոգիին յառաջացուցած դրական արդիւնքին։

Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի տուած վերջին օրհնութեամբ, հաւաքոյթը իր աւարտին հասաւ։12112393_503167096509845_2161661968106782092_n

Photo: Mıgırdiç Ardzivyan