ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Քարոզիչ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Օգնական Երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մուրատ Էօղէրի 8 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Մատաղի Կարգադիր Յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Մօնիք Երկանեան։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 20 Հոկտեմբեր 2019 Կիրակի։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։

2019 FERIKOY

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։