Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութիւն, Ֆէրիգիւղ

(Şahadet Sok. No: 46, 34379 Feriköy)
Հեռ.՝ (0212) 246-6055
ֆաքս՝  (0212) 248-2913
Կայքէջ՝ www.feoyd.com

Միութիւնը, 21 Նոյեմբեր 1961ին, Աստղիկ Ալպաք, Թադէոս Կիւնդէր, Արտաշէս Նշանեան, Հմայեակ Քօճաօղլու, Գեղամ Օրմանճեան, Վարուժան Քէլէշօղլու եւ Անահիտ Քիւրքճիւօղլուի կողմէ հիմնուած է։ Առաջին ատենապետն է Աստղիկ Ալպաք եւ Բ. Ատենապետը՝ Թադէոս Կիւնդէր։

Սիութեան  Տնօրէն Խորհուրդը, իր անդրանիկ նիստը կը գումարէ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մուտքին, այժմու աղքատախնամ մարմնի սենեակին մէջ։

Միութեան նպատակը կ՚ըլլայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանէ շրջանաւարտներու միջեւ  ապահովել միասնութիւն եւ օժանդակութեան ու մշակութային աշխատանքները։ Այս նպատակները կեանքի կոչելու համար ծրագրուած են զանազան ձեռնարկներ՝ բանախօսութիւններ, աշխատութիւններ, մրցումներ, թատերական եւ մշակութային ներկայացումներ, Ֆիլմեր, խրախճանքներ։ Ապահովուած եկամուտներով, կ՚օժանդակուի նաեւ կարօտեալ եւ հիւանդ աշակերտներուն։ Վարժարանի յաջող աշակերտները կը պարգեւատրուին։ Կը կազմակերպուին մշակութային եւ զուարճալի պտոյտներ, որոնց եկամուտը կը յատկացուի, վարժարանէ շրջանաւարտ կարօտեալ աշակերտներու բարձրագոյն ուսման օժանդակութեան։

1983էն սկսեալ եկեղեցւոյ դիմացի շէնքին մէջ, կը շարունակուի միութեան գործունէութիւնները։ Սոյն շէնքը կը վերանորոգուի 2012ին եւ նորոգութեան աշխատանքները աւարտելէ ետք միութեան գործունէութիւնը առանց ընդհատումի կը շարունուկուի մինչեւ այսօր։