ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 7 Օգոստոս, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Բարեկենդանին հովուապետական այցելութիւն տուաւ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ համայնքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Ռոպէր Քիւչիւքալթունեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ եւ համայնքային հարցերու մասին Թաղային Խորհուրդի անդամներուն հետ գաղափարի փոխանակում ունենալէ ետք, Պատրիարք Հայրը եկեղեցի անցաւ եւ նախագահեց արարողութեանց։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տաւութհան, Բրկ. Ուրարակիր Արմենակ Դպիր Գազանճեան եւ խումբ մը երիտասարդ դպիրներ։ Երգեցողութիւնը Կոմիտասեան եղանակով կատարեցին Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամները ղեկավարութեամբ Երաժիշտ՝ Ատրուշան Հալաճեանի։ Թաղային խորհուրդի անդամները ձախակողմեան դասուն մէջ լրիւ կազմով մասնակցեցան արարողութեանց, իսկ եկեղեցին ամբողջովին լեցուած էր թաղի հաւատացեալներով։ Արարողութեանց հետեւեցաւ նաեւ Հռոմի Ս. Էջիտիօ Միաբանութեան անդամ իտալացի երիտասարդներու խումբ մը։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆ
Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Պատարագի աւարտին քարոզեց Եկեղեցւոյ Ճշմարիտ Գլխուն եւ Հովուապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին (Եփես.Ե.23)։ Ան Խաղաղութեան Իշխանն էր (Եսա.Թ.6), որուն ծննդեան ժամանակ՝ Բեթղեհէմի մէջ հովիւներուն յայտնուող հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը երգեց. «Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ.Բ.13-15)։ Ան Իր աշակերտները բոլոր ազգերուն իբր աւետարանիչ առաքելու ժամանակ ըսած էր. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ»(Մատ.ԻԸ.18)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՐՈԶԵՑ
Ի զուր չէ, որ արարողութեանց ժամանակ յաճախ կը լսենք§Խաղաղութիւն ամենեցուն¦ (Ղուկ.ԻԴ.36, Յով.Ի.21) ողջոյնի բառերը։ Քրիստոսի Աւետարանին միջուկն այդ է, եւ ճիշդ ատիկա տալու համար է որ Ան աշխարհ եկաւ. §Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ձեզի չեմ տար այնպէս, ինչպէս այս աշխարհը կու տայ. Թող չխռովին ձեր սրտերը եւ չվախնան¦ (Յով.ԺԴ.27)։ Քրիստոս Իր հետեւորդներուն պատուիրեց նեղութիւններու մէջ իսկ չկորսնցնել ներանձնական խաղաղութիւնը. «Այս բաները ըսի ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յով.ԺԶ.33)։

ԹՇՆԱՄԻՆ ԱՆԳԱՄ ՍԻՐԵԼ
Այնպիսի խաղաղասէր պատգամներ տուած է Քրիստոս, որ բռնութեան կողմնակիցներ եւ կամ ուրիշներու բռնութենէն տուժածներ երբեմն իրենց պարտութեան իբր պատճառ ցոյց տուած են Քրիստոսի քարոզած խաղաղասիրութիւնը. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»(Մատ.Ե.9)։
§Ես կ՚ըսեմ ձեզի թէ՝ ամէն մարդ որ կը բարկանայ իր եղբօր, ենթակայ պիտի ըլլայ դատաստանի. եւ ով որ իր եղբօրն ըսէ՝ յիմար, ենթակայ պիտի ըլլայ ատեանի. Եւ ով որ իր եղբօրն ըսէ՝ ապուշ, ենթակայ՝ գեհենի կրակին։ Եթէ սեղանի վրայ քու ընծադ մատուցանես եւ այնտեղ յիշես, թէ եղբայրդ քեզի դէմ ոխ ունի, թո՛ղ ընծադ սեղանին առջեւ եւ գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ապա՛ եկուր ընծադ նուիրէ¦ (Մատ.Ե.22-24)։«Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ բարութի՛ւն ըրէք ձեզ ատողներուն ու փո՛խ տուէք անոնց, որոնցմէ ետ ստանալու ակնկալութիւն չունիք։ Եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ, եւ դուք Բարձրեալի որդիները պիտի ըլլաք, վասնզի Ան բարեհաճ է չարերուն եւ ապերախտներուն հանդէպ։ Գթա՛ծ եղէք, ինչպէս որ ձեր Հայրը գթած է» (Ղուկ.Զ.35,36)։ Ս. Գիրքէն ընտրուած այս համարները բաւարար են պարզելու որ Քրիստոնէութիւնը խաղաղութեան կրօնք է, խաղաղասէր կրօնք է, եւ կարելի չէ որ ո՛եւէ մէկը կարողանայ բռնութիւնը կամ ահաբեկչութիւնը արդարացնել քրիստոնէական կրօնքով։ Իսկ ինքնապաշտպանութիւնը ամենեւին տարբեր հարց է։ Բնականաբար պատմութեան մէջ եղած են նաեւ իրենք զիրենք Քրիստոնեայ կոչող անձեր կամ հաւաքականութիւններ որոնք երբեմն դիմած են զինաւոր բռնութեան։ Սակայն բռնի ուժի այդ կողմնակիցներն յաճախ առաջնորդուած են իրենց սեփական, հաւաքական, ազգային կամ պետական շահերով, քան թէ խաղաղութեան Աւետարանի պատգամներով։ Այսօր ո՛չ ոք կրնայ ահաբեկչութիւն գործել կամ մարդ սպաննել եւ ապա պնդել որ այդ արարքը գործած է յանուն Քրիստոնէութեան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՍԷՐԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ
Անգամ մը Փարիսեցիներէն մէկը հարց տուաւ Տէր Յիսուսին թէ Օրէնքին մէջ ո՞ր պատուիրանը մեծ է։ Տէր Յիսուս պատասխանեց. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ քու ամբողջ սրտովդ, քու ամբողջ հոգիովդ եւ քու ամբողջ մտքովդ։ Այս է մեծը եւ առաջին պատուիրանը. եւ երկրորդը՝ ասոր նման է. պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մատ.ԻԲ.38-39)։ Տէր Յիսուս եզրակացուց ըսելով, որ ամբողջ Օրէնքն ու մարգարէները այս երկու պատուիրաններէն, այսինքն աստուածասիրութենէ եւ մարդասիրութենէ կախուած են։ Վերնատան մէջ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ եւ Յուդա Իսկարիովտացին արձակելէ յետոյ, Տէր Յիսուս Իր հետ մնացողներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան կու տամ ձեզի, որ սիրէք զիրար. Ինչպէս Ե՛ս ձեզ սիրեցի, դուք ալ սիրեցէք զիրար։ Եթէ դուք զիրար սիրէք՝ ատով ամէնքը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յով.ԺԳ.34-35)։ Տէր Յիսուս այնքան կը սիրէր Իր աշակերտներն ու համայն մարդիկը, որ բոլորին համար եւ բոլորին տեղ յանձն պիտի առնէր խաչ բարձրանալ իբր յաւիտենական՝ Աստուածային Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Արդարեւ այս նիւթին շուրջ խօսելու ժամանակ, Վերնատան մէջ այսպէս ըսած էր Տէրը. «Աւելի մեծ սէր ոչ ոք ունի, քան այն՝ որ մէկը իր կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար։ Դուք Իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ինչ որ ձեզի կը պատուիրեմ»(Յով.ԺԵ.12-14)։
Տէր Յիսուսի ձերբակալութենէն, չարչարանքներէն, խաչելութենէն, եռօրեայ թաղումէն, հրաշափառ Յարութենէն եւ Համբարձումէն յետոյ, Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Ս. Մարիամ Աստուածածինը, Քրիստոսի ազգականները, աշակերտները եւ իւղաբեր կիները, երբեմն մինչեւ 120 հոգիի չափ՝ «միասիրտ եւ յարատեւօրէն աղօթքի մէջ»էին (Գործք Ա.12-15)։ Հոգեգալուստի հրաշալի դէպքէն յետոյ, առաջին նորադարձներու յարատեւութիւնը առաքեալներու վարդապետութեան, հոգեկան հաղորդութեան, հացը բեկանելու եւ աղօթքներու մէջ ու իրենց միասրտութիւնը զօրաւոր վկայութիւն էր Սիրոյ Կրօնքի Հիմնադրին համար եւ օրէ օր Քրիստոնեաներու թիւը կը բազմանար (Գործք Բ.42-47)։

176ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ԸՆԿԵՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ
Անգամ մը Տէր Յիսուս Կափառնայումի մէջ ժողովուրդի բազմութեան աչքերուն առջեւ հրաշք մը գործեց, որովհետեւ գնահատեց մարդոց հաւատքը՝ Աստուծոյ նկատմամբ, եւ սէրը՝ իրենց ընկերոջ հանդէպ։ Բազմութիւնը այնքան շատ էր, որ մինչեւ իսկ Տէր Յիսուսի գտնուած տան դրան առջեւը շարժելիք տեղ չէր մնացած։ Այդ միջոցին, չորս մարդիկ մահիճի վրայ դրուած անդամալոյծ մը բերին։ Փորձեցին ներս մտնել, սակայն հնարաւոր չէր։ Այն ատեն տունին տանիքը բարձրացան, բացին արաստաղը, իրենց հիւանդ ընկերոջ մահիճը չորս ծայրերէն պարաններով կապեցին եւ իջեցուցին վար՝ Տէր Յիսուսին առջեւ։ Տէր Յիսուս տպաւորուեցաւ։ Այս չորս մարդիկը ոչ միայն հաւատացեալ էին, այլ նաեւ սիրով կապուած էին իրենց անդամալոյծ ընկերոջ։ Հաւանաբար նոյնպէս տպաւորուած էր նաեւ Յովհաննէս, որ ապագային պիտի գրէր. «…ան որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ զոր կը տեսնէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ զոր տեսած չէ։ եւ մենք այս պատուիրանը ունինք իրմէ. ով որ կը սիրէ զԱստուած՝ ան կը սիրէ նաեւ իր եղբայրը¦ (Ա.Յով.Դ.20-21)։ Տէր Յիսուս նախ անդամալոյծին հոգին բուժեց՝ իր մեղքերուն թողութիւն շնորհելով, ապա բոլորին առջեւ անոր հրամայեց. «Քեզի կ՚ըսեմ՝ ոտքի ե՛լ, ա՛ռ քու մահիճդ եւ տունդ գնա»։ Յիրաւի, ոտքի ելաւ անդամալոյծը ու անմիջապէս առնելով մահիճը՝ ամենուն առջեւ դուրս գնաց, այնպէս որ ամէնքն ալ զարմացան եւ փառք կու տային Աստուծոյ (Մրկ.Բ.1-12)։ Տէր Յիսուսի այս հրաշքը ցոյց տուաւ, որ Ան կրնայ դարմանել մեր բոլոր հոգեկան ու ֆիզիքական տկարութիւններն ու բուժման կարօտող հիւանդութիւնները։ Տէր Յիսուս կրնայ հանգիստ, խաղաղութիւն եւ առողջութիւն պարգեւել մեր բոլորին, բաւ է որ զԻնք ընդունինք որպէս մեր Տէրը, Անոր Եկեղեցիին մէջ համախմբուինք, Անոր Սուրբ Սեղանին շուրջ ընկերներ, եղբայրներ, նոյն Քրիստոնէական Մեծ Ընտանիքին անդամներ դառնանք։

ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Նորին Ամենապատուութեան քարոզին յաջորդեց Հոգեհանգստեան պաշտօնը եւ յիշուեցան այս հայաշատ թաղի հանգուցեալ անդամները, իրենց ննջման քառասունքին կամ տարելիցներուն առիթով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա Ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Բրկ. Այգ Դպիր Միւրզեանին, որ ամիսներ առաջ Ֆէրիգիւղի Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեանին եւ Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդին կողմէ Պատկ. Կրօնական Ժողովին ներկայացուցուած էր իբր թեկնածու։

175
ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Ռոպէր Քիւչիւքալթունեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամները ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու Սրահին մէջ պատուասիրեցին կէսօրուան ճաշով, զոր պատրաստեր էին Տիկնանց Կազմի ժրաջան անդամուհիները։ Սեղանակից էին տեղւոյն Հոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդի, Դպրաց Դասու, Տիկնանց Կազմի, Աղքատախնամ Մարմնի եւ այլ յարակից մարմիններու անդամներն ու Ս. Էջիտիօ Միաբանութեան պատկանող իտալացի երիտասարդներու խմբակը։ Ճաշու ընթացքին խօսք առաւ Հայր Զաքէոս եւ թաղեցիներու անունով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց իր շնորհած հովուապետական այցելութեան համար։ Հայր Սուրբը հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով ողջունեց նաեւ այցելութիւնը Ս. Էջիտիօ Միաբանութեան անդամներուն, որոնց եղբայրակցութիւնն ու ասպնջականութիւնը վայելած էր Հռոմի մէջ՝ իր աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման հետեւելու տարիներուն։ Սիրոյ Սեղանի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թաղի Հովիւին, Թաղային Խորհուրդին, Դպրաց Դասուն, Տիկնանց Կազմին եւ միւս յարակից մարմիններու աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց պատուասիրութեան համար եւ սեղանը փակեց գոհութեան աղօթքով։