ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Kategori: Համայնքային

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 5 Յունիս 2018, Երեքշաբթի երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ սարքուած իֆթարի սեղանին՝ ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի։ Երեկոյթի տանտէրն էր Ստանպուլի մօտ Ֆրանսայի Աւագ Հիւպատոս Տիար Պերթրան Պիւշվալթէր, որ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց սեղանակիցներուն։ Ներկաներու շարքին էին դիւանագէտներ, արուեստագէտներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, դիւանակալներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։

FRANSA IFTAR

Երեկոյթի ընթացքին Աւագ Հիւպատոսը ուրախութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան մասնակցութեան համար։