09.09.2005

Kategori: Փաստաթուղթեր

Փոքրամասնութիւններու վագըֆներու
առգրաւուած կալուածներուն հարցը միշտ կը զբաղեցնէԱնգարան
ԲԱՐԴ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ
Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Ատեանը
խիստ հաւանաբար կայացնէ Թուրքիոյ դէմ որոշում մը
Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մերձեցումները
կը սահմանափակեն Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը՝
բարեկամական լուծում մը առաջարկելու ճամբուն վրայ

Փոքրամասնութիւններու վագըֆներու առգրաւուած կալուածներունվերաբերեալ հարցերը կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնելԱնգարայի օրակարգը։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա բարդերկընտրանքի մը դէմ յանդիման կը գտնուի այս խնդրինկապակցութեամբ։
NTV-ի հաղորդումներուն համաձայն, Ֆէնէրի յունաց լիսէի վագըֆինձեռքէն առնուած կալուածի մը կապակցութեամբ, ԵւրոպայիՄարդկային Իրաւունքներու Ատեանը արդէն հասած է վճիռըարձակելու փուլին։ Յառաջիկայ օրերուն ատեանը պիտի կայացնէ իրորոշումը եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տեղեկացած է, թէդատավճիռը պիտի չըլլայ Թուրքիոյ ի նպաստ։

Այս պայմաններուն ներքեւ, Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնըբարեկամական լուծում առաջարկելու այլընտրանքը հաշուիառած է եւ սոյն հարցին կապակցութեամբ շօշափած՝ ՎագըֆներուԸնդհանուր Տնօրէնութեան կարծիքը։ Բայց եւ այնպէս, ստացուածպատասխանը բարդ երկընտրանքի մը դէմ յանդիման թողած էնախարարութիւնը։

Մինչեւ Սեպտեմբեր 30 ակնկալուած պատասխանը, ՎագըֆներուԸնդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ փութով փոխանցուած է ԱրտաքինԳործոց Նախարարութեան։ Այսպէս, ընդհանուր տնօրէնութիւնըհամամիտ չէ բարեկամական լուծման։ Արդարեւ, նման ձեւով,վերադարձը պահանջուող 900 կալուածներ գոյութիւն ունին եւնախարարութեան կողմէ նախատեսուած լուծումը օրինակ կրնայհանդիսանալ միւսներուն պարագային։

Բացի այս զգուշացումէն, ընդհանուր տնօրէնութիւնը նշած է, թէ կարգմը վագըֆներու կալուածներ անցած են Պետական Գանձի,հանրային հաստատութիւններու կամ անձերու սեփականութեան եւայս գործադրութիւնը չ՚ընդգրկեր միայն փոքրամասնութիւններուվագըֆները, այլ կը վերաբերի բոլոր վագըֆներուն։ «Այդկալուածներուն համայնքային վագըֆներու յանձնուիլը կընշանակէ, թէ ցայսօր կատարուած գործադրութիւններըապօրէն, անհիմն ու քմահաճ են, ինչ որ բացարձակապէսխնդրոյ առարկայ չէ», ինչ որ նշուած է գրութեան մէջ։

Այս պայմաններուն ներքեւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնըտակաւին չէ կրցած որոշում մը կայացնել։ Եթէ նախարարութիւնըբարեկամական լուծման եզրը նախընտրէ եւ վերադարձնէկալուածները, ապա որոշումը օրինակ պիտի հանդիսանայ միւսվագըֆներուն համար։ Իսկ եթէ դատավարութիւնը թողուի իրբնականոն գործընթացին եւ եթէ Թուրքիա կորսնցնէ դատը, ապաԱնգարա պիտի պարտաւորուի մեծ հատուցում մը վճարելու։