ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

ԶԵԿՈՅՑ

Ստանպուլի Կուսակալութենէն 05 Փետրուար 2018 թուականին Պատրիարքարանիս հասած պաշտօնական նամակով հաղորդուած էր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն հասած պաշտօնագրի պարունակութիւնը:

Սոյն պաշտօնագիրը արժեւորելու համար Աթոռիս Պատկառելի Կրօն. Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաւէրով՝ ժողովական հայրերը մէկտեղուեցան նախաճաշի սեղանի շուրջ, գլխաւորութեամբ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի: Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, որ նախաճաշէն առաջ Սահակ Սրբազանին բանաւոր յայտնած լինելով հրաժարելու իր մտադրութիւնը, չփափաքեցաւ մասնակցիլ սեղանին:

Եղբայրական սիրոյ մթնորլորտի մէջ կայացած հանդիպման աւարտին պաշտօնական նիստ գումարուեցաւ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի: Յետ խորհրդակցութեան յստակացան հետեւեալ կէտերը.

Ա. Պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան համակամ ընթացքով: Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մէջ միշտ յայտնուած է այս իրողութիւնը: Հետեւաբար սոյն պաշտօնագրի պարունակութիւնը ընկալուեցաւ այս իրողութեան լոյսին տակ: Պետութեան կամքը յայտնուած է այն շեշտադրութեամբ թէ 85.րդ Պատրիարքը ընտրելու պայմանները գոյացած չէ եւ հետեւաբար տեղապահի մը ընտրութիւնը անհիմն կը նկատուի: Հետեւաբար Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը կարելի չէ հանգստեան կոչելով Աթոռը թափուր հռչակել ըստ օրինաց:

Բ. Սոյն նամակը կը պահանջէր վերադառնալ 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին գումարուած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարէն առաջուայ իրավիճակին, որուն ընթացքին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչուած էր:  Ուրեմն նոյն նամակով կը հաստատուէր թէ 1 Յուլիս 2010 թուականին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրուած Բարձր. Արամ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ իր պաշտօնը Նախարարաց Խորհուրդի 18 Օգոստոս 2010 թուակիր պաշտօնագրի զօրութեամբ:

Գ. Ժողավական հայրերը հարկաւոր նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագրի պարունակութեան վասն բարւօք ընթացման ապագայի մէջ ցանկալի Պատրիարքական ընտրութեան համար:

Դ. Ժողովական հայրերը շեշտեցին նաեւ ի պատեհ ժամանակի Պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք, որ համայնքային մեր խաղաղութիւնը գերադասեն ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ եւ մտածումներէ: Հեռու կենան վիրաւորիչ, պառակտիչ եւ արդէն բխրուն վիճակի մէջ գտնուող համայնքային խաղաղութիւնը խանգարող նախաձեռնութիւններէ եւ արտայայտութիւններէ:

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

  1. 02.2018 – 11343