ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Վերամուտ է կրկին:

 

Դպրոցական տարին վերսկսաւ ջերմ խանդավառութեամբ, յուզումներով ու անուշ եռուզեռով: Մարտահրաւէրը նոյնն է միշտ. Կարողանալ աւանդել սերունդէ սերունդ մեր մարդկայինն ու ազգային արժէքները՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, տոհմային ինքնութիւն եւ բարոյականութիւն որպէսզի ապահովուի մեր գոյութիւնը պատմութեան դժնդակ ուղիներուն վրայ: Գործը դիւրին չէ երբեք: Սակայն կ’արժէ ամէն զոհողութիւն եւ յանձառութիւն:

 

Անվիճելի է դպրոցին կատարած դերն ու կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի իրականութեան մէջ: Ասոյթը շատ ճիշդ է որ կ’ըսէ. «Մայրերը զաւակ կը ծնին, սակայն ուսուցիչներն են որ զանոնք մարդու կը վերածեն:» Մարդը մի՛տքով է որ կը գերադասէ բոլոր արարածները: Սակայն միտքը առանձինն անկարող է զարգանալու եւ յղկուելու:  Որքան անհրաժեշտ է հողը ծառի մը աճման համար, նոյնպէս ե՛ւ դպրոցը՝ մարդկային մտքի զարգացման եւ ձեւաւորման համար: Ուրեմն չունինք ուրիշ հաստատութիւն մը փոխարինելու դպրոցին հետ:

 

Այս գիտակցութեամբ ահա Պոլսահայ մեր համայնքը ամէն գինով բաց պահելու կը ջանայ իր թանկարժէք վարժարանները, կարծես մեր աչքի բիբը ըլլան անոնք: Ժամանակները բարդ խնդիրներ կը յարուցանեն կրթական համակարգէն ներս ու մեր հայապահպանումը կախեալ է այդ խնդիրներուն պատշաճ լուծումներ հայթայթելու մեր հնարաւորութենէն: Ուրիշ ճար ու դարման չունինք: Անպայման պիտի պահենք հայ վարժարանը ի գին ամէն ինչի, որպէսզի երաշխաւորուին մեր ազգային անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը անսայթաքօրէն:

 

Տնտեսական ճգնաժամային վիճակը կը հրահանգէ որ մեր ուժերը միացնելով տնտեսապէս ամենէն խոցելի վարժարաններուն ազգային զօրակցութիւն մը ցուցաբերենք: Դպրոցական վերամուտի տրամադրութիւնները կը թելադրեն որ ազգային մեր կառոյցներու պատասխանատուները քով-քովի գան եւ լրջօրէն քննեն մեր համայնքի կրթական կարիքները։ Կրթութիւնը սուղ է, բայց տգիտութենէն աւելի սուղ չէ, ի հարկէ: Տգիտութի՛ւն, մեր պարագային ազգային կործանում ըսել է:

 

Սիրոյ սեղանները՝ մեր փրկութեան լաստը, անպայման այս տարի եւս պիտի հասնին մեր օգնութեան եւ պիտի լրացնեն զգալի բաց մը կրկին: Դժբախտաբար ծնողներէն հասնող վճարումները հետզհետէ կը նուազին վարչութիւնները խուճապի մատնելու աստիճան: Փաստօրէն, երբ հայ ծնողներ նոյնիսկ վարժարանին վճարեն հարիւր առ հարիւր, այդ գումարով չեն փակուիր դպրոցական ծախսերը։ Այստեղ՝ պարտք կը զգանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու բարերար անհատներու, որոնց շնորհիւ ազգային վարժարաններու ապագան աւելի ապահով կ’երեւի: Անոնք կ’անսան Վահան Թեքէեանի խրատին. «Սիրոյ հացին եղի՛ր դուն խմոր»:

 

Սիրելի աշակերտներ,

 

Ահաւասիկ, ձեզի համար զանգակի  զարկով սկիզբ առած է նոր վերամուտ մը, նոր առիթ մը՝ ըլլալու իսկական աշակերտներ, աշխատասէր, հնազանդ ու կարգապահ, բարի,  լաւ,  օրինակելի եւ ճշմարտախօս: Պօղոս առաքեալը կ’ըսէ. «Ժամանակը գնեցէ՛ք»: Ժամանակը մի վատնէք, ժամանակը ձեր նուաճումներով ու յաջողութիւններով լեցուցէ՛ք։ Օրերը շուտ կ’անցնին: Դպրոցի համար մի՛ սորվիք, այլ՝ կեանքի համար ամբարեցէք հարուստ գիտելիքներ:

 

Տեսէ՛ք տղաք, Եկեղեցին եւ վարժարանը իրարու կից կառուցեր ենք: Խաչը եւ գրիչը երկուորեակներ են մեզի համար: Ուստի վերանորոգեցէ՛ք մկրտութեան ուխտը ձեր՝ եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն յաւերժ հաւատարիմ մնալու: Տէր Յիսուս Քրիստոս բացայայտօրէն սորվեցուց իր աշակերտներուն, որ հոգին առաւել է քան մարմինը: Ուրեմն, լաւ աղօթեցէ՛ք նաեւ որպէսզի Աստուած օրհնէ ձեր հոգին ու մարմինը զանոնք օժտելով երկնային շնորհքներով: Տէրը թո՛ղ օգնէ ձեր մտքի զարգացումներուն, գիտութեանց եւ իմաստութեանց ոլորտներուն մէջ:

 

Այս առիթով, կը շնորհաւորեմ նաեւ համալսարան մուտք գործող նորամուտ ուսանողները եւ իրենց ծնողները, որոնք արդիւնքներն են եւ նաեւ փաստը՝ ազգային վարժարաններու տքնաջան ու երկարատեւ աշխատանքներուն:

 

Կը մաղթեմ որ Տէրը մեզի պարգեւէ՛ խաղաղօրէն բոլորելու 2019-2020 ուսումնական շրջանը: Աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած միասնաբար, որպէսզի Իր Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի ընէ Հայ Դպրոցին, հայ դաստիարակներուն՝ տնօրէն ու ուսուցչաց կազմերուն ու աշակերտներուն, իրենց զաւակները հայ ուսումնարանին վստահող ծնողներուն վրայ: Օրհնէ՛ Տէր Աստուած բոլոր Խնամակալ վարչութիւններու նուիրեալ ծառայողները, բարերարներն ու Հայ Դպրոցի բոլոր զօրակից միութիւնները, որոնց զօրակցութեամբ կը բարգաւաճին հայ ուսումնարանները։ Օրհնաբեր տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին։

 

Սահակ Եպս. Մաշալեան

Պատրիարքական Տեղապահ

Վերամուտ, 2019 Սեպտեմբեր