ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 4 Փետրուար Ուրբաթ, ժամը 17.30ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Նախագահ Ժան-Լուի Տըպրէն, որուն կþընկերանային վեց երեսփոխաններ եւ Ֆրանսայի Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Ժան-Քրիստոֆ Փոսէլ։

Հիւրերը Պատրիարքարանի դռնէն դիմաւորուեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ` Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի եւ միաբան հայրերուն կողմէ։ Պատրիարք Հայրը Պրն. Տըպրէյին հետ ձեռնուեցաւ եւ իրեն բարի գալուստ մաղթեց դահլիճի մուտքին։

Բոլորը տեղաւորուելէ ետք, Պատրիարք Հայրը խօսք առաւ ըստ հետեւեալի. «Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Նախագահին այցելութիւնը ողջունելի պատիւ է մեզի համար։ Կը գտնուիք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն Պոլսոյ Պատրիարքութեան կեդրոնը, որ 1461 թուականէն ի վեր Հայ Քրիստոնեայ ժառանգութեան, հաւատքին ու մշակոյթին արտայայտութիւնն է այս պատմական քաղաքին մէջ։

«Մեր ժողովուրդի կապերը Ֆրանսայի Հանրապետութեան հետ սերտ են։ Պարզ օրինակ մը. Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւոր Լեւոն Զ. Լուսինեան հողին յանձնուած է Փարիզի Սէն Տընի Մայր Եկեղեցւոյ արքայական դամբարաններուն մէջ։ Այսօր Ֆրանսա ապրող հայերուն մեծամասնութեան ընտանեկան արմատները կը գտնուին Փոքր Ասիոյ մէջ։
«Ծանօթ է, որ իննսուն տարի առաջուան եղեռնական դէպքերը պատճառ դարձան, որ ոչ միայն հարիւր հազարաւոր հայազգի հայրենակիցներ կորսնցնեն իրենց կեանքը, այլ նաեւ տեղական հարուստ մշակոյթ մը արմատախիլ ըլլայ իր բնօրրանէն։

«Թուրքեր եւ հայեր այժմ ստիպուած են հաշուի նստելու իրենց հասարակաց պատմութեան հետ եւ նայելու դէպի յառաջ խաղաղ համակեցութեան հեռանկարով որպէս քաղաքացիները արդի եւ ապագայ աշխարհին։ Աստուած Հայ եւ Թուրք ժողովուրդները, կողք կողքի իբրեւ սահմանակից հարեւաններ, մէջընդմէջ իբրեւ դրկիցներ, այսօր մինչեւ իսկ Անատոլիայի եւ Կովկասի մէջ որոշ տեղեր որպէս միեւնոյն ընտանիքներու անդամներ քովքովի դրած է։ Այլեւս պէտք է հասկցուի որ միասնաբար խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրելէ բացի այլ ճանապարհ չկայ եւ բոլոր ջանքերը պէտք է տարուին այս ուղղութեամբ։

«Ահաւասիկ այս պատճառաւ է, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամական միւս յարանուանութիւններուն հետ միասին, մեր Պատրիարքական Աթոռն ու Թուրքիոյ Հայոց համայնքը եւս ջերմօրէն կողմնակից են որ Թուրքիա մաս կազմէ Եւրոմիութեան։ Սոյն գործընթացը կը քաջալերենք որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ, քանի որ գիտակից ենք որ երկրի բոլոր օրէնքները եւ կենսապայմանները այսպիսով աւելի ժամանակակից կը դառնան։ Գործընթացը կը քաջալերենք որպէս ոչ-իսլամական փոքրամասնութեան մը անդամներ, քանի որ մահմետական համայնքներու կամ  աշխարհավար շրջանակներու հետ համահաւասար իրաւունքներ վայելելու հեռանկարը կը խրախուսէ մեզ։ Վերջապէս, Թուրքիոյ եւրոպականացումը կը քաջալերենք որպէս հայազգի քաղաքացիներ, քանի որ Եւրոմիութեան անդամ Թուրքիա մը շատ աւելի առողջ յարաբերութիւններ կրնայ մշակել Հայաստանի եւ տարածքի միւս հարեւան երկիրներուն հետ։

«Ահաւասիկ, այս խոհերով է, որ կþողջունենք Ձեր ներկայութիւնը մեր Տան մէջ, վերյիշելով միաժամանակ աւետարանական խօսքը. Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։

Նախագահ Տըպրէ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր խօսքին համար եւ ըսաւ, որ իրենց այցելութեան բուն նպատակն է անձամբ տեղեկանալ երկրի կրօնական համայնքներու հարցերուն։ Օրինակ. հայ համայնքը հոգեւորական պատրաստելու հնարաւորութիւններ ունի՞։ Համայնքապատկան կալուածներուն վիճակը ինչպէ՞ս է։ Թուրք հանրային կարծիքը ինչպիսի՞ մօտեցում ունի երկրի Քրիստոնեայ քաղաքացիներուն եւ Եւրոպայի Քրիստոնեաներուն նկատմամբ։ Լոզանի դաշնագրի հովանաւորութիւնը չվայելող փոքրամասնութիւնները մշակութային գետնի վրայ կը վայելե՞ն որոշ առանձնաշնորհումներ։ Կանանց իրաւունքները ո՞րքանով կը յարգուին։ Ասոնք, ըսաւ Տըպրէ, էական հարցեր են, եւ երեսփոխաններ հետաքրքրուած են թէ Թուրքիա իսկապէս պատրա՞ստ է հիմնական փոփոխութիւններէ անցնելու։

Պատրիարք Հայրը պատասխանեց, թէ այսօր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կողմնակից է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, քաջ գիտնալով որ ատիկա ինքնին կþենթադրէ օրէնքի եւ միտքի մեծ յեղաշրջում։ Եւրոմիութեան հետ համաձայնեցման կարեւոր օրէնքներ անցած են Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովէն, անգամ մը որ անոնց կիրարկումը սկսկի երկրին մէջ անկասկած մեծ փոփոխութիւններ պիտի ապրուին։ Այսպէս կը մտածենք, ըսաւ Պատրիարք Հայրը։

Շուրջ 45 վայրկեան տեւող հանդիպման աւարտին, Տըպրէ ստորագրեց Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը եւ իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ հրաժեշտ առաւ Հայոց Պատրիարքարանէն։

  • 1
  • 2