ՀԱՐՑԱԶՑՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԵՏ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 15 Ապրիլ Ուրբաթ, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Աքշամ օրաթերթի թղթակից ՊուրաքԱրթունէրը։ Ձայներիզէն քաղուած հարցազրոյցի հայերէն թարգմանութիւնը հետեւեալն է։

Թուրքեր եւ Հայեր ժողովուրդներ են որոնք հազար տարիէ իվեր միասին կ՚ապրին։ Նկատի ունենալով այժմուհանգրուանը, ի՞նչ կը մտածէք յարաբերութիւններու ներկայվիճակին մասին։
– Քսաներորդ դարու սկիզբներուն ազգայնականգաղափարախօսութեան ամէնուրեք արձանագրած զարգացումներուն առնչութեամբ ազգային պետութիւն ըմբռնումը զօրացաւ, որունհետեւանքով բազմազգի կայսրութիւններ դէմ յանդիման մնացինազգային խմբաւորումներու հետ։ Պալքանեան Պատերազմինպարտուած կայսրութեան Իթթիհատ-Թէրաքքի կառավարութիւնըորոշեց հայերը տարագրել, ինչ որ պատճառ դարձաւ շատ մեծ ցաւերուեւ շատ մեծ կոտորածներու։ Ինչ որ ալ ըլլայ ստոյգ թիւը,հարիւրհազարաւոր մարդիկ մեռան, սպաննուեցան, իրենցհարստութիւնը ոչնչացուեցաւ։ Այս դէպքը դարերու տեւողութեամբընթացող բարեկամութեան մեծաւ մասամբ վնաս պատճառած է, հայերն ու թուրքերը կորսնցուցած են իրարու հանդէպ փոխադարձվստահութիւնն ու սէրը։ Իսկ փոխադարձ վրիժառութեաննախաձեռնութիւնները պատճառ եղած են, որ կապերը մեծաւ մասամբտկարանան։

Թուրքիոյ Հայերը ինչպէ՞ս կը զգան։ Բոլոր այսվիճաբանութիւնները հաւանաբար դժուար ըլլալու է Ձեզիհամար։
– Թրքահայերը երկու կրակի, երկու սիրելիի միջեւ մնացողի վիճակունին։ Երկու կրակի միջեւ՝ որովհետեւ ինչ որ ալ ըսենք, երկուժողովուրդներու կողմէ տարբեր ձեւերով կը մեկնաբանուի։ Երկուսիրելիի միջեւ՝ որովհետեւ երկու կողմն ալ սիրելի է մեզի համար։Այսպիսի լարուած շրջաններ մեզի համար շատ նեղացուցիչ են։

Երբ օրակարգի վրայ կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեանպնդումներու կապակցութեամբ վիճաբանութիւններ, ո՞ր մէկն է այս հարցին լուծման համար Ձեր առաջարկած ուղին։
– Այս պահուն իմ տեսածս հետեւեալն է.  Պատմութեան թրքական եւ հայկական պաշտօնական տեսակէտները մաքառման մէջ են։ Այսպէս սակայն կարելի չէ որեւէ տեղ հասնիլ։ Ըստ կարելւոյն, ժողովուրդներն իրարու մօտ պէտք է բերուին։  Ըսենք որ ես Թուրքիոյ հայազգիքաղաքացի եմ. իսկ դրացիս՝ մահմետական թուրք։ Մեր միջեւ բնական է, որ կենաց առօրեայ երկխօսութիւն ըլլայ։ Ան մերյուղարկաւորութեան, մկրտութեան արարողութիւններուն կըմասնակցի, մենք ալ փոխադարձաբար՝ անոնց յուղարկաւորութեան,թլփատութեան հանդիսութեանց։ Այս հարցը առաւելաբար երկու դրացի ժողովուրդները՝ Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է հետաքրքրէ,երրորդ կողմեր ըստ կարելւոյն պէտք է որ մէկուսացուին։ Երկուերկիրներու ժողովուրդներու փոխըմբռնման ջանքերը պէտք չէ թափ ստանան պարզապէս որովհետեւ երրորդ կողմեր ճնշում կը բանեցնեն։Եթէ թուրքեր եւ հայեր ակամայ երկխօսութիւն մշակեն պարզապէս այն պատճառաւ որ Եւրոմիութիւնը կամ Ամերիկայի ՀելսինքիիՅանձնաժողովը այս հարցին մասին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, ուրեմն կը նշանակէ թէ հարց կայ։ Տեսէք, Աստուած Թուրքիան ուՀայաստանը քով քովի տեղադրած է այս աշխարհագրութեան մէջ։Աշխարհագրութեան այս դիրքաւորումը պիտի չփոխուի։ Ուրեմն, երկուդրացի երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ կենաց առօրեայերկխօսութեան նախաձեռնութիւն պէտք է ըլլայ։ Ասոր համար նախպէտք է որ սահմանները բացուին, դիւանագիտականփոխյարաբերութիւնները առանց նախապայմանի պէտք է սկսին։ Մարդիկ երբ նոյն սեղանի շուրջ հաց կ՚ուտեն, զիրար ճանչնալ կը սկսին, իսկ զիրար ճանչցողներ մինչեւ իսկ եթէ տարակարծիք գտնուին,կը ջանան զիրար չվիրաւորել։ 90 տարիէ ի վեր խզուածյարաբերութիւնները կարելի չէ որ 9 օրէն բարւոքին։ Առաջին քայլըառնելէ յետոյ, ջուրը եթէ ազատ ձգուի այդ իր հունը կը գտնէ,յարաբերութիւնները կը սկսին տակաւ առ տակաւ բարւոքիլ։

Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք Թուրքիոյ Վարչապետ ԷրտողանիՀայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Քոչարեանի յղածառաջարկը ի մասին աշխատանքային համատեղ խմբակի մը կազմութեան 1915ի դէպքերը ուսումնասիրելու համար։
– Առհասարակ ես դրական մերձեցում ունիմ երկխօսութեան բոլորձեռնարկներուն, առանց նկատի առնելու թէ ուրկէ կու գան անոնք։ Ովինչ կ՚ուզէ թող ըսէ, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի այս հարցի քննարկմանյատկացուցած նիստին եւս դրական կը մօտենամ։ Երկխօսութիւնպէտք է հաստատուի, եւ այս մէկը կ՚ուզեմ հաւատալ որ սկիզբ մըն է։Երկու կողմերն ալ ինչ որ ունին, պէտք է հրապարակեն։

Զրոյց կայ թէ Հայաստան այս նամակին ժխտականպատասխան պիտի տայ։ Ըստ Ձեզի, այս մէկը սխալ ընթացքմը կրնա՞յ ըլլալ։
–  Քաղաքական այդպիսի արտայայտութիւն ունենալ չեմ փափաքիր։Այնուհանդերձ երկխօսութեան ընդդիմանալու երեւոյթը վնասակար կրնայ ըլլալ, անկախաբար ատկէ թէ ով է հակառակողը։

Թուրքիա որոշեց, Անգլիոյ Լորտերու Դահլիճին դիմել այնպատճառաբանութեամբ, որ 1915ի դէպքերը նկարագրողԿապոյտ Գիրքը քարոզչական ձեռնարկ է։ Այս մէկը, ըստՁեզի, ուղի՞ղ քայլ մըն է։
– Այս մէկը քաղաքական որոշում է եւ ես գաղափար յայտնելու համարբաւարար տեղեկութիւն չունիմ։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիաքական Աթոռը սփիւռքի մէջ,Եւրոպայի եւ ԱՄՆու հայոց ծանր քննադատութեանց նշաւակկը դառնայ։ Ձեզ կ՚որակեն« թուրք բանակի ճնշման ներքեւապրող վախկոտ մարդիկ։ Իսկապէս Թուրքիոյ մէջ վախո՞վկ՚ապրիք։
– Սփիւռքի քննադատութեանց երբ հարկաւոր է պատշաճպատասխաններ կը տրուին։ Սխալ է սփիւռքը որպէս միանուագկառոյց ընդունիլ։ Մեզի ընդդիմացողներուն առընթեր, ստոյգ է թէ հասկցող ու զօրավիգ կանգնողներ ալ կան, թէեւ առաջիններուն չափ բարձրաձայն չեն։ Այսօր ոչ ոք կրնայ պնդել, թէ մենք Թուրքիոյ մէջվախով կ՚ապրինք։

Միջոց մը առաջ հարցարանի մը արդիւնքները հանրայինկարծիքի օրակարգին վրայ կը գտնուէր։ Ըստ այսարդիւնքներուն, մեծ համեմատութեամբ հայեր թուրքերուն,փոխադարձաբար թուրքեր ալ հայերուն աղջիկ տալ չէինփափաքեր։ Ըստ Ձեզի, այս արդիւնքները ի՞նչ բան կը մատնանշեն։
– Արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ երկու ժողովուրդները զիրար շատ քիչկը ճանչնան եւ նախապաշարումները զօրաւոր են երկու կողմերումօտ։

Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին բանավէճերու ընթացքին կընախընտրէ անձայն մնալ։ Ձեր լռութիւնը մասնաւոր պատճառմը ունի՞։
– Նախ եւ առաջ, կոտորածը ցեղասպանութիւն որակելու բանավէճըծայր աստիճան քաղաքական ու իրաւաբանական հարց է։ Այս նիւթինշուրջ յարմար է, որ իրաւասու հաստատութիւններ եւ գիտնականներյայտնեն իրենց գաղափարները։ Մեր լռութիւնը մասնաւոր պատճառմը չունենալով հանդերձ, վերջին դէպքերը ցոյց կու տան թէ այս նիւթինշուրջ մեր երկրին մէջ երկկողմանի բանավէճեր ունենալ կարելի չէ։Օրինակ՝ ուր որ է դաւաճան հռչակուեցաւ այն վիպագիրը, որ ըսած էր,թէ մէկ միլիոն հայ ջարդուած է։

Վերջին դէպքերու զարգացումէն յետոյ, թուրք ժողովուրդինՁեզի նկատմամբ վարմունքը փոխուեցա՞ւ։ Նմանանհանգստութիւն մը ունի՞ք։ Ի՞նչ է Ձեր կոչը ժողովուրդին։
– Գոնէ առ այժմ թուրք ժողովուրդի վերաբերումը հայազգի քաղաքացիներուս նկատմամբ չէ փոխուած։ Սակայն անուրանալի ենորոշ շրջանակներու ըրած եւ բոլոր հայերը թիրախ ընտրողվիրաւորական ու յուզիչ հրատարակութիւնները։ Եթէ այս հակումըշարունակուի, ի մասնաւորի ժողովրդային խաւերու մէջ մեծանհանգստութիւններ կրնան յառաջանալ։ Որպէս կոչ, մենք պարզապէս կ՛ուզենք յիշեցնել ժողովուրդին, թէ դէպքերըպատմութեան էջերուն մէջ մնացած են եւ այսօրուան սերունդը ինքնինպատասխանատու չէ կատարուածներէն։

Որպէս Հայոց Պատրիարքութիւն, Թուրք պետութենէն ի՞նչակնկալութիւններ ունիք։ Պետութեան հետ կատարուածտեսակցութեանց ընթացքին Ձեր յղած հարցերուն ճարգտնուեցա՞ւ։
– Թուրքիոյ հայերը, ինչպէս երկրի միւս հաւաքականութիւնները բնականաբար բազում հարցեր ունի։ Պատրիարքական Աթոռիօրինական անձնաւորութեան ճանաչման, գրաւուածհամայնքապատկան կալուածներու վերադարձման, համայնքայինհաստատութեանց կալուածատիրութեան արտօնութիւն շնորհելու,համայնքային վարժարաններու համար նոր կանոնադրութեանընդունման, հոգեւորական եւ ուսուցիչ պատրաստելուկարելիութիւններու ստեղծման պէս բազում խնդիրներ ունինք։ Կըհաւատանք կառավարութեան բարիկամեցողութեան, սակայն պէտք էընդունիլ թէ իրաց կացութիւնն ու տիրող մտայնութիւնը այնքան ալշուտ չեն փոխուիր։ Այս պատճառաւ կարելի չէ ըսել, թէ մեր հարցերըվերջնական եւ արմատական լուծման հանգած են։

Թուրքիոյ հայկական կալուածներու մասին ձեռնարկներունի՞ք։
– Ձեռնարկներուն դրական պատասխան ստանալ ցարդ կարելի չեղաւ։Յատկապէս 1974էն յետոյ 1936ի յայտարարագրի պատճառաւբարերարներու համայնքային հաստատութեանց նուիրածկալուածները զանազան պատրուակներով մեր հաստատութիւններէնգրաւուեցան։ Ասոնք անհրաժեշտ է, որ վերադարձուին կամ անոնցփոխարէն հատուցում կատարուի։ Ի պահանջել հարկին, ՄարդկայինԻրաւանց Դատարանի մօտ դիմում կը ներկայացուի։ ՈրպէսՊատրիարքական Աթոռ մենք չենք դիմեր, սակայն հայ համայնքիաշխարհական վարիչները եւ համայնքային հաստատութիւններըհարցը կրնան Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանինկատառման յանձնել։ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանիհետ առընչուած կանոնները Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէստորագրուած եւ բոլոր քաղաքացիներուն որպէս իրաւունք ճանչցուած են։ Այս հարցին շուրջ կրօնական տեսակէտէն ես սա կրնամ ըսել. Անձմը իր հարստութիւնը նպատակի մը համար կրնայ կտակել, որպէս իրվերջին փափաքը։ Կրօնական եւ բարոյական տեսակէտէ նուիրատուի այս կտակը պէտք է գործադրուի։ Ըստ երկրի օրէնքներուն, նման փափաքներ պէտք է որ յարգուին։ Հաւանական է որ քաղաքականպատճառներով չեն գործադրուիր։ Որքան որ գիտեմ, Թուրքիոյ մէջշուրջ 550 հայապատկան կալուածներ նման հարցեր ունին։

Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մասին Թուրքիոյհայերը ի՞նչ կը մտածեն։
– Թուրքիոյ հայերը թրքահպատակ քաղաքացիներ են։ ԹուրքիոյՀանրապետութեան սահմաններէն ներս մարդկային եւփոքրամասնական իրաւանց միջազգային չափանիշներուհաւասարիլը, երկրին բոլոր քաղաքացիներուն՝ ներառեալ հայազգիհայրենակիցներուն, օգտին կ՚ըլլայ։

Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը թրքական դրօշակին դէմ կատարուած յարձակումին կապակցութեամբ։
– Որեւէ երկրի դրօշակին դէմ կատարուած յարձակումը ամբողջ հաւաքականութեան, ազգի մը արժանապատուութեան դէմկատարուած յարձակում է։ Ծայր աստիճան սխալ եւ նեղացուցիչ դէպքէ։

  • 11