ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական
105

(Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚օրհնէ մատաղի հացն ու միսը)

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 3 Յուլիս Կիրակի առաւօտ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնիտաղաւարի հանդիսութեանց նախագահեց Սկիւտարի Ս.Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Դասուն մէջ արարողու¬թեանց մասնակցեցան Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեան, Գերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուըլի, Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Նալպանտեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Յակոբ Քէսքինեան, Արշաւիր Պիւյիւքիշման, Սեւան Ճիւանեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Գրիգոր Մէշալէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սերժ Մըսըրեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց ու պատմեց Պայ-ծառակերպութեան դէպքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց որ Պայ¬ծա¬ռա¬կեր¬պու¬թիւնը, կամ ժողովրդական ասոյթով Վարդավառը՝ տօնն է Տէր Յիսուս Քրիստոսի աստուածութեան յայտնութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա յիշեցուց թէ Սուրբ Պայծառակերպութեան ընթացքին Տէր Յիսուս Քրիստոսի շուրջ երեւեցան Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները։ Մովսէս խորհրդանիշն էր օրէնքին, իսկ Եղիա՝ մարգարէութեան։ Մարգարէութեանց եւ օրինաց լրումն է Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ տեսանելի կը դառնար իր աշակերտներուն։ Այս պատճառաւ է որ իւրաքանչիւր Ս. Պատարագի վերջաւորութեան կþարտասանենք Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքը. «օրէնքներու եւ մարգարէութեանց լրումը դուն ես Քրիստոս Աստուած մեր, որ կատարեցիր հայրակամ տնօրէնութիւնները, լեցուր նաեւ մեզ Ս. Հոգիովդ»։

Մեր Հոգեւոր Պետը դասեր քաղելով պայծառակերպութեան դէպքէն, ըսաւ որ բոլորս ալ պէտք է բարոյապէս եւ հոգեպէս ազնուանանք, պայծառակերպուինք։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն ու յիշատակուեցան Եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ բարերարներն ու այժմու բարերարներու պարագաները։

Ապա ըստ հնաւանդ սովորութեան եւ ի նշան Նոյ Նահապետի տապանէն արձակած աղաւնիին, արձակուեցան աղաւնիներ։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, ուր իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեան։

106

(Տիրայր Սրբազան կը խօսի սիրոյ սեղանի «հուսկ բանք»ը)