Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Պատրիարքական Աթոռը, որ Փետրուար 2008ին լոյս ընծայած էր Արեւագալի ժամերգութեան գրքոյկի մը, շարունակելով նոյն շարքը, հրատարակեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ¦ աղօթքը։

«Հաւատով Խոստովանիմ¦ գրպանի աղօթագիրքը կը սկսի 1977ի հրատարակութեան նախաբանի բարեփոխեալ ձեւով ու կը շարունակուի Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի «Հայազգի Սուրբեր»¦ հատորէն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կենսագրութեամբ։ Սոյն գրքոյկը կը բաղկանայ 144 էջէ, հրատարակուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, մեկենասութեամբ Ճանէլ ընտանիքի, ի յիշատակ հանգուցեալ պարագաներու։ Սոյն գրքոյկին մէջ իւրաքանչիւր էջի վրայ տեղադրուած է աղօթքի մեն մի տունը եւ իւրաքանչիւր էջ զարդարուած է խաչքարով մը։

Նոր հրատարակուած գրքոյկի, ինչպէս նախորդ գրքոյկներու մէջ, գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած է նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Մտածելով հայերէն կարդալ չգիտցող հաւատացեալները, ներմուծուած են բնագրի լատինատառ տարբերակը, ինչպէս նաեւ ոչ-հայախօսներու համար՝ թրքերէն թարգմանութիւնը։