Պատրիարքական Աթոռոյս §Արմաշ Մատենաշար¦էն, որպէս չորրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական նահատակ հայրերէն Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր Խորէնեանի Քղիի իր ժողովուրդին ուղղեալ խօսքը. «Հովուին ձայնը՝ Քղիէն» (Յունիս 2012)։
Սոյն գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 112 էջերէ, կ՚ընդգրկէ հեղինակ Հայր Սուրբի ձեռագիր անտիպ մէկ տետրակը, որ իր բանաւոր հօտին ուղղեալ հովուական խօսք մըն է։ Հատորին մէջ լոյս կը տեսնեն ձեռագրէն երկու էջերու նկարները, ինչպէս նաեւ անտիպ երկու նամակներ՝ մին Երանաշնորհ Տ. Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի նամակը, ուղղեալ Պսակ նորօծ աբեղայի, իսկ միւսը, ի պատասխան առաջին նամակի, Պսակ Աբեղայի կողմէ գրուած շնորհակալութեան նամակ մըն է։ Կը հրատարակուի նաեւ հեղինակի ընդարձակ կենսագրութիւնը եւ նկարը։
Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։
Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ նախկին Ստանպուլահայ, այժմ Լիոնաբնակ աստղագէտ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ հանգուցեալ ծնողքին եւ քրոջ։