Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հաստատուեցաւ նոր մատենաշար մը՝ «Շնորհք Պատրիարք – 100» եւ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Մեկնութիւն թղթոյն առ Կորնթացիս առաջին»։
Աթոռոյս Երանաշնորհ Գահակալին 100-ամեակին առթիւ հաստատուած նոր մատենաշարէն լոյս տեսնող առաջին հատորը նոյնինքն Շնորհք Պատրիարքի մինչեւ այսօր անտիպ մնացած վարդապետական աւարտաճառն է։ Գիրքի գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է տաղանդաւոր արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանի։
Հատորը կը բացուի Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով՝ «Հարիւրամեայ երիտասարդ Վարդապետին՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի աւարտաճառի հրատարակութեան առթիւ» խորագրով, ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի աբեղայութեան շրջանի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։ Քանի հատորը Ս. Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակի մասին է, որպէս յաւելուած տրուած է նոյն նամակը՝ գրաբար եւ աշխարհաբար տարբերակներով։
Սրբազան հեղինակի անտիպ աշխատասիրութիւնը, որ կը բաղկանայ ձեռագիր չորս տետրակներէ, վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 496 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ երիտասարդ Վանականը նախ համառօտ ակնարկ մը կը նետէ Ս. Պօղոս Առաքեալի կեանքին, նկարագրին, դերին, գրական գործերուն եւ թուղթերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Կորնթոսի, անոր պատմութեան, այդ շրջանի կացութեան, յաջորդող օրերու պատմութեան վրայ։ Ապա ընդհանուր ակնարկ մը կը նետէ Կորնթացւոց առաջին թուղթին վրայ, կը քննէ շարժառիթը, տեղը, թուականը, թուղթի վարդապետական ուսուցումը, թուղթի տուեալներու քրիստոնէական կենցաղի, եկեղեցական կազմակերպութեան եւ հանրային պաշտամունքի մասին տուեալներուն, գրական նկատողութիւններ կ՚ընէ յատկանիշներու, ոճի լեզուի, բառերու եւ մէջբերումներու մասին ու կը քննէ թուղթի ծրագիրը։ Իսկ յաջորդ 354 էջերուն մէջ, երիտասարդ Հայր Սուրբը մանրամասնօրէն կ՚ուսումնասիրէ Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին թուղթը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւեն նաեւ Հեղինակի ձեռագիրէն էջ մը եւ վարդապետական շրջանի կնիքը։
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Պէյօղլուի Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը։