Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ Մատենաշար»էն Մարտ 2012ին՝ Անառակ Որդիի Կիրակիի սեմին, լոյս տեսաւ Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի աշխատասիրութիւնը. «Անառակ որդին»։

Սոյն գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 56 էջերէ, կ՚ընդգրկէ Սրբազան Հեղինակի նոյն նիւթի շուրջ երկու գրութիւնը։ Հատորը կը պարունակէ բացի Մաղաքիա Պատրիարքի վարդապետական շրջանին գրի առած աշխատասիրութենէն, «Համապատում»¦ հատորէն նոյն նիւթի մասին հատուածը, հեղինակի կենսագրութիւնը եւ նկարներ։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Ճանէլ ընտանիքի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ անդամներուն։