Հրատարակութիւններ:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ

Պատրիարքական Ս. Աթոռը Մայիս 2013ին ընթերցող հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր գիրք մը՝ §Անդրանիկ կոնդակներ սահմանադրական շրջանի պատրիարքներու¦։

Նկարազարդ հատորը, լոյս տեսած է Պատրիարքական Աթոռի 550-ամեակին ձօնուած «Յովակիմեան Մատենաշար»էն։ Գիրքը կը բաղկանայ 16.5*23.5 սմ. չափերով 256 էջերէ, կը պարունակէ վերջին 17 պատրիարքներու նկարները, իրեց հակիրճ կենսագրականները, պաշտօնական կնիքներն ու ստորագրութիւնները, շիրիմներու արձանագրութիւնները եւ հրապարակուած կոնդակները։

«Յովակիմեան Մատենաշար»ի այս հինգերորդ հատորը, լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մեկենասութեամբ եւ խմբագրուած՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ եւ Գրիգոր Սահակեանի պատրաստած շքեղ կողքով։