Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

2008ի Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանի սեմին, Պատրիարքական Աթոռս հրատարակեց Արեւագալի ժամերգութեան նոր գրքոյկ մը։

Գրքոյկին նորութիւնը այն է, որ արեւագալի արարողութեան աղօթքներուն եւ շարականներուն առընթեր, կը պարունակէ նաեւ յաւելուածներ, որոնք կ՚օգտագործուին մեր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս Մանասէ Թագաւորի աղօթքը, Խաչահանգիստի կարգը, Մեծ Պահոց շրջանի ամենօրեայ սուրբգրական ընթերցումներու համարները եւ այլն։

Նոր հրատարակուած գրքոյկի բուն նորութիւնն է պարունակութեան մնացեալ մասը. գիրքին մէջ Արեւագալի գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած են նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Մտածելով հայերէն կարդալ չգիտցող հաւատացեալները, ներմուծուած է բնագրի լատինատառ տարբերակը, ինչպէս նաեւ ոչ-հայախօսներու համար՝ թրքերէն թարգմանութիւնը։

Սոյն գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 120 էջէ, հրատարակուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, մեկենասութեամբ Պչաքճը ընտանիքի, ի յիշատակ Տուրսուն, Շահանիկ եւ Սմբատ Պչաքճըի։