Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Ինչպէս անցեալ տարիներ, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2015ի «Եկեղեցական Օրացոյց»ը։

«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։

Բաց աստի, ընթերցողը հրատարակութեան վերջաւորութեան պիտի գտնէ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ծառայող հոգեւորականաց ցանկը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօրմէ մինչեւ ժառանգաւորներ, համայնքային բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եկեղեցիներ, դպրաց դասեր, վարժարաններ, միութիւններ, մամուլ, գերեզմանատուներ, Պատրիարքական Աթոռոյ գաւազանագիրքը, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու ցանկը, ինչպէս նաեւ արական եւ իգական անուններու ցանկեր եւ այլն։

Փափաքողներ «Եկեղեցական Օրացոյց»ը կրնան ձեռք ձգել Պատրիարքարանէն, աշխատանքային ժամերուն։

* Եկեղեցական Օրացոյցը (Միայն օրացոյրի բաժինը) PDF տեսնելու համար՝
http://issuu.com/artunsrg/docs/oratsuyts_takvim_2015