Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Ինչպէս անցեալ տարիներ, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021ի “Եկեղեցական Օրացոյց”ը։

“Եկեղեցական օրացոյց”ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։

Բաց աստի, ընթերցողը հրատարակութեան վերջաւորութեան պիտի գտնէ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ծառայող հոգեւորականաց ցանկը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօրմէ մինչեւ ժառանգաւորներ, համայնքային բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եկեղեցիներ, դպրաց դասեր, վարժարաններ, միութիւններ, մամուլ, գերեզմանատուներ, Պատրիարքական Աթոռոյ գաւազանագիրքը, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու ցանկը, ինչպէս նաեւ արական եւ իգական անուններու ցանկեր եւ այլն։

 

Ներբեռնում