Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Թագաժահրի (Coronavirus) համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասն եւ հինգերորդ հատոր լոյս տեսաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր գրի առած “Երկու ուխտաւոր” խորագրեալ պատմական վէպը։

Հեղինակ Պատրիարք Հայրը Գէորգեան Ճեմարանի ուսուցչութեան եւ յետագայի տեսչութեան օրերուն գրի կ՚առնէ սոյն պատմական վէպը, որ լոյս կը տեսնէ 2007 եւ 2010 թուականներուն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարանէն, երկու անջատ հատորներու ձեւով եւ ի դիւրութիւն ընթերցողին՝ արեւելահայերէնով։ Ապա լոյս կը տեսնէ նաեւ միացեալ հատորի մը ձեւով։ Այս հրատարակութեան նախորդներէն տարբերութիւնը այն է, որ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ իր գրի առնուած ձեւով՝ արեւմտահայերէնով։

Գեղեցիկ հատորը, որ կը բաղկանայ 21*14.8 սմ. չափերով 320 էջերէ, պատմութիւն մըն է՝ ԺԸ. դարու, սակայն ո՛չ չոր ու ցամաք պատմական տեղեկութիւններով։ Լոկ պատմութիւն ու պատմականութիւն չի տար ընթերցողին այս հատորը։ Ասոր վրայ կը բարդուին քրիստոնէական գրականութիւն, երեւակայութիւն ու ժողովրդականութիւն։

Վէպին երկու հերոսները՝ Գրիգոր Շիրվանցի եւ Յովհաննէս Բաղիշեցի վարդապետները՝ ապագայի անուններով Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր եւ Կ.Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքները մասնաւոր տեղ ունին երկու նուիրապետական Աթոռներու պատմութեան մէջ։

Հատորը կը բացուի Ամենապատիւ Հեղինակի առաջնորդող խօսքով, ուր ան ի միջի այլոց կ’ըսէ.

ԺԸ. դարու Հայ Եկեղեցւոյ երկու կարկառուն դէմ­քե­րը՝ Յովհաննէս Կոլոտ եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքնե­րը, իրենց առասպելական առաքելութեամբ անմոռանալի հետք թողուցին մեր կրօնական եւ ազգային պատմութեան վրայ: Հրաշագործ Վարդան Վարդապետին աշակերտած այս երկու գաղափարակից վանականներու փոթորկալից կեանքը մեծ դասեր կը պարունակէ բոլոր ժամանակներու հաւա­տաց­եալ ուխտաւորներուն համար: Փորձեցինք անոնց կեանքի լու­սեղէն հետքերուն հետեւելով, ընթերցողին մատուցանել հա­մեստ պատմավէպ մը, որ մեր կրօնական գրականութեան հա­մար շատերու կողմէ որակուած է նորութիւն՝ իր միստիկա­կան սխրանքով եւ երեւակայական պատկերազարդումներով”:

Վէպը ծրագրուած է երեք հատորի ձեւով։ Երրորդ եւ վերջին մասը գրի պիտի առնէ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ լոյս պիտի տեսնէ անջատաբար։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր երկու խօսքը կ՚աւարտէ հետեւեալ նախադասութիւնով.

Կը յուսանք այս երկու հսկաներու ցանած հունտերը երեք հարիւր տարի յետոյ վերստին յարութիւն կ՚առնեն հայորդինե­րու հոգիներուն մէջ եւ գիրքը առիթ կը դառնայ որ շատերը սորվին երկինք նայիլ  ինչպէս իրենց հայրերը նայեցան եւ հոն տեսնեն կեանքի իմաստն ու իտէալը եւ առօրեայ խնդիրներու հիմնական պատասխաններն ու լուծումները”:

Հատորի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։