Հրատարակութիւններ:
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ 100 ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. “Եօթը պատգամներ եօթը եկեղեցիներու”։

Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական-մեկնողական սոյն աշխատասիրութիւնը եւս պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ լոյս տեսած է Մարմարա օրաթերթի մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք, 1977ին։ Նոյն թուականին քաղաքիս մէջ լոյս կը տեսնէ որպէս անջատ հատոր։

Հատորը կը բացուի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող հակիրճ խօսքով. “Շնորհք Պատրիարքի մեկնութիւնը Եգէականի եօթը եկեղեցիներու մասին”։ Հատորի խմբագիրը կը յիշեցնէ թէ Երանաշնորհ Պատրիարքը “այս աշխատասիրութեան մէջ իրեն նիւթ ընտրած է Աստուածաշունչ մատեանի ամենավերացական բաժինը՝ Յայտնութեան Գիրքի եօթ եկեղեցիներու ուղղուած պատգամներու մասը։ Այլ խօսքով՝ Յովհաննէս Աւետարանիչ-Առալեալի Պատմոս Կղզիի վրայ տեսած տեսիլքը կանխող մասն է, որ նիւթ կը դառնայ Սրբազան Հեղինակին”։

Նկատի ունենալով Սրբազան Հեղինակի սոյն աշխատասիրութեան եւս սպառած ըլլալու պարագան, այս վերհրատարակութեամբ “Եօթը պատգամներ եօթը եկեղեցիներու” հատորը լոյս կը տեսնէ առաջին հրատարակութենէն ճիշդ 40 տարիներ ետք”։

Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։ Իսկ վերջաւորութեան տեղադրուած է “Շնորհք Պատրիարք – 100” Մատենաշարէն մինչեւ այսօր լոյս տեսած գիրքերու ցանքն ու Երանաշնորհ Պատրիարքի կնիքը։ Բնագրին մէջ տեղադրուած է Յայտնութեան գիրքի տեսիլքի մէկ դրուագին նկարը՝ առնուած 1666ին Ամստերդամ լոյս տեսած Աստուածաշունչէն։
*
Սոյն վերհրատարակութեան ընթացքին, աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5 սմ. չափերով 104 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը հակիրճ “Ներածութիւն”է մը ետք, կը ներառնէ Յայտնութեան գիրքի Ա. գլուխը “Յայտնութեան գիրքի ներածականը ինքն իր մասին” վերնագրով։ Ապա նախ ընդհանուր գիծերով, հուսկ՝ գլուխ առ գլուխ կը մեկնէ եօթը եկեղեցիներուն՝ Եփեսոսին (այժմ՝ Էֆէս), Զմիւռնիոյ (այժմ՝ Իզմիր), Պերգամոնի (այժմ՝ Պէրկամա), Թիւատիրի (այժմ՝ Աքհիսար), Սարդիկէի (այժմ՝ Մանիսա նահանգի Սալիհլի գաւառակի մէջ), Ֆիլատելֆիոյ (այժմ՝ Ալաշէհիր) եւ Լաւոդիկիոյ (այժմու Տէնիզլիի մօտակայքը) ուղղուած եօթը պատգամները։

Գիրքի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Սարվէն Տանէի կողմէ։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ