Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Աւելի քան մէկ տարուան աշխատանքէ ետք, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2006ին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի դռները բացաւ հասարակութեան։ Այս աշխատանքը 2010-ին վերադասաւորման ենթարկուեցաւ ու կատարուեցաւ թանգարանի պաշտօնական բացումը, որուն գլխաւոր սատարողը եղաւ Ստանպուլ 2010 Եւրոպայի Մշակոյթի Մայրաքաղաք ծրագիրը։

Այս ծիրէն ներս նաեւ պատրաստուեցաւ Հայերէն, Թրքերէն, Անգլերէն եւ Ֆրանսերէնով, քառալեզու գրքոյկ մը։ Սոյն հատորին նպատակն էր աւելի մատչելի դարձնել թանգարանը, ինչպէս նաեւ որոշ իրերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցել։

Գունագեղ գիրքը կը բաղկանայ 22*22 սմ. չափերով 120 էջէ, հրատարակուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, մեկենասութեամբ Ստանպուլ 2010 Եւրոպայի Մշակոյթի Մայրաքաղաք ծրագրին։ Հրատարակութեան պատրաստած է Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, իսկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի կողմէ։