Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Հայ գիրերու գիւտի 1600 ամեակին առթիւ, Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց սոյն գիրքը, որ առիթ պիտի ընծայէ ինքնաշխատութեամբ Հայ լեզուի հաղորդակից դառնալու։

Նախորդէն աւելի քան դար մը յետոյ, Արեւմտահայերէնի անծանօթ անձերու, լեզուն սորվեցնելու համար կատարուած աշխատութիւն մըն է։ Սոյն հատորը դասագիրքի մը բնոյթը ունի։ Առաջին դասընթացքին կը ծանօթացուի Հայոց Այբուբենը եւ ապա կը շարունակուի ուսուցանուիլ քերականական կանոնները։ Գիրքի աւարտին ներմուծուած է նաեւ Հայերէնէ Թրքերէն բառարան մը, հանդերձ Հայերէն բառերու լատինատառ տառադարձութիւնով։

Սոյն գիրքը կը բաղկանայ 16.5*23.5 սմ. չափերով 264 էջերէ եւ պատրաստուած է Հ. Շիւքրիւ Ըլըճաքի եւ Ռաքէլ Կօշկարեանի միատեղ աշխատութեամբ, իսկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի կողմէ։

Առաջին տպագրութենէն միջոց մը վերջ սպառելուն, 2007ին լոյս տեսաւ գիրքի երկրորդ տպագրութիւնը։