Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Պատրիարքական Աթոռը, որ Փետրուար 2008ին լոյս ընծայած էր Արեւագալի ժամերգութեան գրքոյկի մը, շարունակելով նոյն շարքը, հրատարակեց Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց միացեալ նոր գրքոյկ մը։

Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց գրքոյկը կը սկսի Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի «Երբ կը շարունակենք աղօթել» Մեծ Պահքի ընթացքին¦ խորհրդածականով։ Կը բաղկանայ 184 էջէ, հրատարակուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, մեկենասութեամբ Էֆրիմ-Այթէն Պաղ ամոլի, ի յիշատակ իրենց հօր՝ Ֆերման Պաղի եւ եղբօր՝ Շահին Պաղի։

Նոր հրատարակուած գրքոյկի, ինչպէս նախորդ Արեւագալի գրքոյկին մէջ, գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած է նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Մտածելով հայերէն կարդալ չգիտցող հաւատացեալները, ներմուծուած են բնագրի լատինատառ տարբերակը, ինչպէս նաեւ ոչ-հայախօսներու համար՝ թրքերէն թարգմանութիւնը։