Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատութեան 550-ամեակի օրերուն հաստատուեցաւ «Արմաշ Մատենաշար»ը ու այս մատենաշարին անդրանիկ հրատարակութիւնը եղաւ Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըգեանի աշխատասիրութիւնը. «Կենցաղ եկեղեցականաց» (Նոյեմբեր 2011)։

Սոյն երկը, որու լեզուն Զարեհ Խրախունիի կողմէ արդի հայերէնի վերածուած է, կը հրատարակուի երրորդ անգամ եւ կը բաղկանայ 184 էջերէ։ Հատորը կը պարունակէ բացի Խորէն Պատրիարքի աշխատասիրութենէն, հեղինակի կենսագրութիւնը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր երկու խօսքը, նկարներ, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հեղինակի պատրիարքական անդանիկ կոնդակէն հատուածներ, Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի Հեղինակի ու երկի մասին խօսքերը։

Հատորը լոյս կը տեսնէ Գրիգոր Սահակեանի պատրաստած շքեղ կողքով։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ նախկին Ստանպուլահայ, այժմ Լիոնաբնակ աստղագէտ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ հանգուցեալ ծնողքին եւ քրոջ։