Հրատարակութիւններ:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատութեան 550-ամեակի հանդիսութեանց առթիւ որոշուած էր գրքերու հրատարակութիւնը։ Այս առթիւ հաստատուեցաւ «Յովակիմեան Մատենաշար»ը ու այս մատենաշարին անդրանիկ հրատարակութիւնը եղաւ Պոլսահայ գրող ու բանասէր Հրանտ Ասատուրի մէկ աշխատասիրութիւնը. «Կոստանդնուպոլսոյ Հայերը եւ իրենց Պատրիարքները»։

550-ամեակի հանդիսութեանց շարքին կազմակերպուած բանախօսութեան աւարտին, 18 Նոյեմբեր 2011, Ուրբաթ երեկոյեան, Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակութեանց բաժնի վարիչ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան անակնկալ մը ընելով յայտարարեց սոյն հատորի հրատարակութիւնը եւ առաջին օրինակը յանձնեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսին։

Նկարազարդ հատորը, որ կը բաղկանայ 16.5*23.5 սմ. չափերով 344 էջերէ, կը պարունակէ բացի Ասատուրի ընդարձակ աշխատասիրութենէն (53-225), նախապատրիարքական շրջանի մասին Հրաչեայ Աճառեանի աշխատասիրութենէն (21-52), 1858-1860 շրջանի մասին յաւելուածէն՝ գրի առնուած՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ (226-234), 1860-ի Սահմանադրութեան բնագիրէն (235-268), Պատրիարքական Աթոռոյս գաւազանագիրքէն (269-271), Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ պատրաստուած Ամենայն Հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութեանց, Օսմանեան կայսրութեան, Հռովմի Քահանայապետութեան ու Կ.Պոլսոյ Յունաց ծայրագոյն պատրիարքութեան գահակալներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահներու ժամանակագրական ցուցակէն (273-304) եւ յատուկ անուններու մանրամասն ցուցակէն (307-333), Ասատուրի եւ Աճառեանի կենսագրութիւններէն, աւելի քան հազար էջատակի նօթերէ, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր երկու խօսքէն ու խմբագրական երկու խօսքէն, բազմաթիւ նկարներէ, լոյս կը տեսնէ Գրիգոր Սահակեանի պատրաստած շքեղ կողքով։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մեկենասութեամբ, խմբագրուած է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի եւ հանգուցեալ բանասէր Գէորգ Բամպուքճեանի կողմէ։