Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ Մատենաշար»էն Մարտ 2012ին լոյս տեսաւ Արմաշական մեծանուն վարդապետներէն Երուանդ Վրդ. Փէրտահճեանի վարդապետական աւարտաճառը. «Հաղորդութեան Խորհուրդը»։

Հեղինակի աշխատասիրութիւնը նախապէս լոյս տեսած է «Լոյս» հանդէսին մէջ, 1905ին։ Այս անգամ կը հրատարակուի, զայն հաւատացեալ ժողովուրդին մատչելի դարձնելու եւ Աւագ Շաբթուան սեմին մեր ժողովուրդը լուսաբանելու համար Ս. Պատարագի խորհուրդին մասին։

Սոյն գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 128 էջերէ, կը պարունակէ բացի Երուանդ Վարդապետի աշխատասիրութենէն, խմբագրական երկու խօսք, հեղինակի կենսագրութիւնը, նկարը, Սուրբ Գրական մէջբերումներու աշխարհաբարները։

Հատորը լոյս կը տեսնէ Արիս Քարաֆիլի պատրաստած շքեղ կողքով։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր ընտանիքի հանգուցեալ անդամներուն։