Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Մանուկներու ուղղեալ սոյն գրքոյկը պատրաստուած է Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ եւ հրատարակուած է օժանդակութեամբ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի։

Գրքոյկի մէջ, Ս. Ծնունդէն մինչեւ Ս. Մկրտութիւն եղած դրուագները կը բացատրուին պարզ լեզուով եւ գունագեղ նկարներով։ Իւրաքանչիւր դէպքի աւարտին կը գտնուի դէպքի մասին եզրակացութիւն մը, ինչպէս նաեւ հարցումներ։ Սոյն հատորը կ՚ընդգրկէ նաեւ Ս. Ծննդեան եւ Ջրօրհնէքի շարականներ ու հոգեւոր երգեր։

Պատկերազարդ գրքոյկը կը բաղկանայ 14.5*21 սմ. չափերով 56 էջերէ եւ հրատարակութեան պատրաստուած է Շողեր Չափարեանի, Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ։