Հրատարակութիւններ:
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ 100 ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյն կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաս­տատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղա­տիպ հատոր մը եւս. «Մեծ Պահքի Կիրակիներու ոսկի շղթան»։

Այս հատորը Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին գրի առած առաջին կրօնաբարոյական աշխատասիրութիւնն է, որ պատ­րաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Մեծ Պահքի շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, նախապէս լոյս տեսած է քաղաքիս մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք եւ 1971ին՝ որպէս անջատ հատոր։ Նոյն հատորը վերհրատարակուած է նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմինածնի եւ Թեհրանի մէջ եւս։

Հատորը կը բացուի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբ­եանի առաջնորդող խօսքով, ուր հատորի խմբագիրը կը խօսի գիրքի անցեալին մասին։ Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսա­գրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։

Սրբազան հեղինակի այս աշխատասիրութիւնը վերած­ուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 112 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը անջատ գլուխներու ներ­քեւ կը բացատրէ պահքը, Մեծ Պահքը, Ս. Գիրքի մէջ ծանօթ պահեցողները, պահքի նպատակը, այսօրուան պահքը, ապա մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնայ Մեծ Պահոց շրջանի մէն մի կիրակին, օրուան Սուրբ Գրական հատուածին եւ շարականին։

Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։

Գիրքի գեղե­ցիկ կողքը մտայղացումն է տաղանդաւոր արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանի։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Ազմի Էօղէր, ի յիշատակ համայն նահատակաց ազգիս Հայոց։