Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Երջանկայիշատակ Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեանի քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանի առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ գեղատիպ յուշամատեան մը։

Հատորին մէջ տեղ կը գրաւեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կոնդակները, Շահան Սրբազան Հօր կենսագրութիւնը, հոգեւորականներէ, մտաւորականներէն եւ բարեկամներէ բազմաթիւ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ նկարներ։

Սոյն հատորը, որ կը բաղկանայ 14.5*21 սմ. չափերով 80 էջերէ, լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, իսկ կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէլէրի կողմէ։