Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Ինչպէս ծանօթ է, կրթական մշակ ու Ս. Խաչ Դպրեվանքի բազմամեայ տնօրէն Հայկ Նշանի կրթանուէր վաստակը կը նշուի Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահի մէջ։ Իսկ Քանի մը շաբաթ առաջ մեծարեալը ստացաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանը։

Այս առթիւ լոյս տեսաւ «Յուշամատեան ձօնուած Հայկ Նշանի կրթանուէր վաստակին» գրքոյկը։

Հատորին մէջ տեղ կը գրաւեն շքանշանի տուուչութեան առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի օրհնութեան գիրը, Կարգադիր Յանձնախումբի խօսքը, մեծարեալի կենսագրութիւնը եւ իր բարեկամներէն, պաշտօնակիցներէն ու գործակիցներէն վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ նկարներ։

Սոյն հատորը, որ կը բաղկանայ 96 էջերէ եւ լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։