Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան իննսունամեակի առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։

Գեղատիպ հատորին մէջ տեղ կը գրաւեն Պատրիարքական Աթոռոյ Երանաշնորհ գահակալին կենսագրութիւնը, իր հոգեւոր զաւկին՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր խօսքը, բազմաթիւ հոգեւորականներէ, մտաւորականներէ եւ գրչի մշակներէ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ պատմական նկարներ։

Սոյն հատորը, որ կը բաղկանայ 21*21.5 սմ. չափերով 156 էջերէ, լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, իսկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի կողմէ։