Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասներորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Սմբատ Եպս. Սաատէթեանի «Ներսէս Լամբրոնացի» խորագրեալ աւարտաճառը։

Սրբազան Հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն 26 Մայիս 1896 թուականին։

Սոյն հատորը նախապէս լոյս տեսած է 1981ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիասի մէջ, խմբագրութեամբ Բրշ. Վազգէն Սրկ. Ղուկասեանի։ Նկատի առնելով որ սոյն գիրքը մաս կը կազմէ Արմաշական հայրերու ուսումնասիրական վաստակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի արտօնութեամբ վերստին լոյս կը տեսնէ, որպէս մաս Արմաշ մատենաշարի։

Հատորը կը բաղկանայ 400 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող «երկու խօսք»ը, Ներսէս Լամբրոնացի Հայրապետի ձեռագիրը, կնիքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի (ապա Կաթողիկոս, հուսկ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) յառաջաբանը, խմբագիր Վազգէն Սրկ. Ղուկասեանի խմբագրական ծանօթութիւնները, հեղինակի ամփոփ կենսագրականը, սարկաւագութեան շրջանին Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի ուղղեալ գրի առած ուղերձը, հոգեւորականութեան ուխտագիրը, Արմաշու Վանուց Փոխ Վանահայր եւ Դպրեվանուց Վերատեսուչ Մաղաքիա Եպս. Օրմանեանի Սմբատ Աբղ. Սաատէթեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան առթիւ տուած վկայագիրը, Կ.Պոլսոյ Մաղաքիա Պատրիարքի Սմբատ Սաատէթեանի ծայրագոյն վարդապետութեան առթիւ տուած վկայագիրը, իր եպիսկոպոսացման մասին Շապին-Գարահիսարի եւ Կարնոյ վիճակներէն տրուած վկայագիրներ եւ Եղիշէ Պատրիարքի ընծայագիրը, այս բոլոր գրութեանց բնագիրներու նկարները, Սմբատ Եպս. Սաատէթեանի ստորագրութիւնը եւ կնիքը, Լամբրոնի բերդի նկարը, գիրքի առաջին անուանաթերթի նկարը եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ աշխատասիրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ նախկին Ստանպուլահայ, այժմ Լիոնաբնակ Բրշ. Փրօֆ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հօր՝ Զարեհի, մօր՝ Սօֆիի եւ քրոջ՝ Սօնայի։