Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր գահակալութեան տասնամեակին եւ «Արծաթեայ Վարդ» մրցանակով պարգեւատրման առթիւ, Պատրիարքական Ս. Աթոռս Յունուար 2009ին լոյս ընծայեց «Պաշտօն Ճաշու»¦ նոր գրքոյկը։

Արեւագալի, Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց գրքոյկներու շարքէն հրատարակուած այս գիրքը կը բաղկանայ 48 էջէ, հրատարակուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, մեկենասութեամբ Մանասէ-Սիւզան Թաշճը ամոլի, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Յարութիւն-Շաքէ Թաշճըի եւ Սարգիս-Թագուհի Աքտէմիրի։

Նոր հրատարակուած գրքոյկի մէջ, գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած է նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Մտածելով ոչ-հայախօս հաւատացեալները, ներմուծուած է բնագրի թրքերէն թարգմանութիւնը, իսկ Ամենապատիւ Տիրոջ մրցանակի յանձնման հանդիսութեան ներկայ բազմաթիւ օտար հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական այլեւայլ արարողութեանց գործածութեան պարագային դիւրութիւն ընծայելու համար ներմուծուած է բնագրի անգլերէն թարգմանութիւնը։