Հրատարակութիւններ:
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ 100 ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. “Աւագ Շաբաթ”։

Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը եւս պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Աւագ Շաբթուան սոյն օրերուն հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ լոյս տեսած է Մարմարա օրաթերթի մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք, 1971-1973 տարիներուն։ Սակայն մեզի անծանօթ պատճառներով քաղաքիս մէջ որպէս անջատ հատոր լոյս չէ տեսած։

Հատորին սկիզբը տեղ կը գրաւէ ի յիշատակ Երանաշնորհ Պատրիարքի՝ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած խաչքարի նկարը։

Հատորը կը բացուի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով. “Աւագ Շաբթուան սեմէն մտնել Շնորհք Պատրիարքի հետ”։ Հատորի խմբագիրը կը յիշեցնէ թէ Երուսաղէմի Քրիստոսակոխ սրբավայրերուն մէջ ուսում ստացող Սրբազան Հեղինակը, ընթերցողը իր հետ կը տանի մեր Եկեղեցւոյ ամենասրբազան օրերու՝ Աւագ Շաբթուան դէպքերու վայրերը։ Վաղարշակ Սրկ. կ՚ըսէ. “Ընթերցողը … պիտի քալէ Յիսուսի վերջին շաբթուան վայրերուն եւ դէպքերուն ընդմէջէն։ Ձիթենեաց Լեռնէն պիտի իջնէ դէպի Գեթսեմանիի Ձորը, պիտի մտնէ Երուսաղէմ, ձայնակցելով ներկայ ժողովուրդին «Ովսաննա»ներով եւ «Ալէլուիա»ներով։ Պիտի մասնակցի մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն դատավարութեան, պիտի չարչարուի, պիտի քալէ խաչի ճամբան, պիտի բարձրանայ Գողգոթա, որպէսզի յա­րութիւն առնէ Մեծ Վարդապետին՝ իր Փրկչին հետ”։

Ան կ՚անդրադառնայ հատորի պատրաստութեան ոդիսականին, ինչպէս շարուած է Արաս Հրատարակչատան մէջ, սրբագրուած է նախ Արտաշէս Մարկոսեանի կողմէ, ապա վերանայուած է Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Հեղինակի սոյն աշխատասիրութեան Ստանպուլահայութեան համար դժուար հասանելի ըլլալու պարագան եւս շեշտելով, կ՚ըսէ. “Այս վերհրատարակութեամբ «Աւագ Շաբաթ»ը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ հեղինակին 29 տարիներ որպէս պատրիարք գահակալած Ստանպուլի երկնակամարին ներքեւ”։

Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։

*

Նախապէս Պէյրութի, Նիւ Եորքի եւ Թէհրանի մէջ լոյս տեսած այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 256 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը հակիրճ “Ընդհանուր Ակնարկ”է մը ետք, կ՚անդրադառնայ Ծաղկազարդի առաւօտէն մինչեւ Աւագ Շաբաթ իւրաքանչիւր դէպքի մասին մանրամասնօրէն։ Երանաշնորհ Պատրիարքը առանց գրականութիւն ընելու հաւակնութիւն ունենալու, նպատակ կ՚ունենայ մէկ բան միայն. քարոզել Սուրբ Աւետարանը։ Աւելի քան վաթսունամեայ Պատրիարքը կը գրէ իր ժողովուրդին համար իւրայատուկ ոճով։ Մերթ կը բացատրէ եւ մերթ դէպքերու հերոսները կը խօսեցնէ։ Այլ խօսքով, ընթերցողը Ձիթենեաց Լեռնէն կ՚առաջնորդէ մինչեւ Ս. Գերեզման։ Սակայն Ս. Յարութեան հրաշալի դէպքը կը թողու իր յաջորդ հատորին՝ “Տաղաւար Տօներ”ուն։

Հատորի վերջաւորութեան պատրաստուած է բառարան, որ կ՚ընդգրկէ առկայ նուազ ծանօթ բառերը։

Գիրքի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի, Սարվէն Տանէի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Արամ Գամպուրեան, ի յիշատակ կողակցին՝ Շաքէ Գամպուրեանի։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

 ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ