Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս վեցերորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Եղիշէ Վրդ. Խաչերեանի «Ստեփանոս Սիւնեցի» խորագրեալ աւարտաճառը (Սեպտեմբեր 2013)։

Վաղամեռիկ Հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն 8 Յուլիս 1901 թուականին։

Սոյն հատորը կը բաղկանայ 72 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, հեղինակ Հայր Սուրբի ձեռագիր անտիպ մէկ նամակը՝ ուղղեալ Մաղաքիա Պատրիարքին։ Հատորին մէջ լոյս կը տեսնեն նաեւ Եղիշէ Վրդ. Խաչերեանի նկարը, կենսագրութիւնը, Մաքենացոց եւ Թանահատի վանքերու նկարները, Ստեփանոս Սիւնեցիի մասին վկայութիւններ, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի Սիւնեցիի մասին գրութիւնը, Սիւնեցիի գրի առած Յարութեան շարականներէն ԱՁ. ձայնի գրաբար բնագիրն ու աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, հեղինակ Հայր Սուրբի երկու բանաստեղծութիւնները, եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Արսէն Եարմանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր մեծհօր՝ Յարութիւն Եարմաեանի։