Հրատարակութիւններ:
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ 100 ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյն կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. Տեղիք Աստուածաբանութեան։ Այս հատորը Շնորհք Պատրիարքի եպիսկոպոսութեան շրջանին գրի առած աշխատասիրութիւնն է, որ պատրաստուած է յատկապէս ժառանգաւորաց վարժարաններու կամ հոգեւոր ճեմարաններու սաներուն համար։ Ան, նախապէս լոյս տեսած է Երուսաղէմի մէջ՝ 1993ին։ Հատորը կը բացուի Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդող խօսքով, ուր Տէր Հայրը կը խօսի իր Հոգեւոր Ծնողի եւ այս հատորի մասին։ Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի եպիսկոպոսութեան շրջանի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։ Սրբազան հեղինակի այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 152 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը անջատ գլուխներու ներքեւ կը բացատրէ Աւանդութիւնը, Եկեղեցին եւ յատկանիշները, եկեղեցական ժողովները, վարդապետութիւնը, շնորհքի գաղափարը, Եկեղեցւոյ խորհուրդները եւ վախճանաբանութիւնը։ Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Հեղինակի եպիսկոպոսութեան շրջանի կնիքը։ Գիրքի գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է տաղանդաւոր արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանի։ Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։ Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։