Հրատարակութիւններ:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ Յունուար 2012ին հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարան»։

Աթոռոյ 550-ամեակին առթիւ հաստատուած «Յովակիմեան Մատենաշար»էն լոյս տեսնող գրքի հեղինակն է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, իսկ գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Կեդրոնականի սան Գրիգոր Սահակեանի։

Հատորի Արժանապատիւ հեղինակը 184 էջերու մէջ նախ համառօտ ակնարկ մը կը նետէ Պոլսոյ մէջ բարձրագոյն կրթութեան շարժումին, ապա կը յամենայ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն վրայ եւ դիւանական փաստաթուղթերու, տեղեկագիրներու եւ ատենագրութիւններու լոյսին տակ ընթերցողը քայլ առ քայլ կ՚առաջնորդէ դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի բացումը։

Գեղատիպ գրքին մէջ պատմական ընդարձակ տեղեկութիւնները զարդարուած են նիւթին հետ առընչակից բազմաթիւ նկարներով, որոնք սկիզբ կ՚առնեն Արեւմտահայ իրականութեան կրթական ու մշակութային կեանքի ռահվիրաներէն Երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի դիմանկարով ու վերջ կը գտնեն Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի անդրանիկ դասարանի սաներու խմբանկարով։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Կեդրոնականի սան Մկրտիչ Արծիւեան, ի յիշատակ Նորայր-Փայլուն Արծիւեան ամոլի։