Հրատարակութիւններ:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Ս. Աթոռը Հոկտեմբեր 2012ին մշակութասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր հատոր մը։

«Հայոց Գրաւոր Մշակոյթը՝ Համառօտ Ակնարկ Գիրի, Ձեռագիրի, Տպագրութեան եւ Տարեցոյցերու պատմութեան վրայ» անուն գիրքը կը բաղկանայ 16.5*23.5 սմ. չափերով 367 էջերէ։ Գրքի հեղինակն է Արսէն Եարման, որուն մտայղացումն է նաեւ գրքի գեղեցիկ կողքը։

Թրքերէն գիրքը ձօնուած է Հայ Տպագրութեան 500 ամեակին եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի հիմնադրութեան 180 ամեակին։ Հատորի պատմաստութեան միջոցին, Հայերէնէ թարգմանութիւնները կատարած է Սիրվարդ Մալխասեան։ Գիրքը կը ծառայէ Հայերէնի ոչ-տեղեակներու եւ Թուրք հասարակութեան Հայոց գիրերու, ձեռագիրներու, տպագրութեան եւ տարեցոյցերու պատմութեան մասին գաղափար փոխանցելու։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Հիլտա Տիգրանուհի (Արսլանեան) Եարման, ի յիշատակ իր աներոջ եւ կեսրոջ ՝ Միհրան եւ Օտէթ Եարմաեան (Եարման) ամոլի։