Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Պատրիարքական Ս. Աթոռը Փետրուար 2013ին լոյս ընծայեց «Սուրբգրային Եբրայերէնի Ընթերցութեան Ուղեցոյց» գորքոյկը, պատրաստուած Թրքերէնով։

«Սուրբգրային Եբրայերէնի Ընթերցութեան Ուղեցոյց»ը առիթ մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ծանօթանալ Եբրայերէնին, ի մասնաւորի Սուրբգրային Եբրայերէնին։ Սոյն հատորը դասագիրքի բնոյթ մը ունի։ Առաջին դասընթացքին կը ծանօթացուի Եբրայերէն Այբուբենը եւ ապա կը շարունակուի ուսուցանուիլ թիւերը եւ քերականական կանոնները։ Իւրաքանչիւր դասընթացքի աւարտին, նիւթին աւելի հաղորդ դառնալու նպատակաւ դրուած են նաեւ պարզ վարժութիւններ։

Սոյն գիրքը կը բաղկանայ 14.5*21 սմ. չափերով 80 էջերէ։ Հեղինակն է Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, իսկ գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Գեղանոյշ Էօզպաղի։

Գիրքին արժանապատիւ հեղինակը, իր սոյն աշխատանքը կը ձօնէ իր հոգեւոր ծնողին՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր, որ միշտ շեշտած էր ուսման կարեւորութիւնը։