ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի պաշտօնական այցելութիւն տալու համար մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2020, Չորեքխաբթի, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Պուրունքըշլացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տիգրան Ալթուն, Տօքթ. Մելքոն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները 12 Յունուար 2020, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ առթելով հոգեւոր հրճուանքի տրամադրութիւն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անդրանիկ Սուրբ Պատարագին առթիւ ամբողջ համայնքը…

ԱՍԱՅԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Ցուպ քո եւ գաւազան նոքա մխիթարեսցեն ինձ» (Սղ. 22.4)) Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր, այս խօսքերը այսօր որքան իմաստ մը զգենուն։ Մերօրեայ ժամանակներուն ձեւական դարձած մեր կեանքը՝ գնայունին կառչած մեր ձգտումները…

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ ընտանիքը 10 Յունուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, այս տարի առաւել եւս…

ՔՕԼՈՒՄՊԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 9 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Նիւ Եորքի Քօլումպիա Համալսարանէն աշակերկաց խումբ մը։ Անոնք Հայ համայնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին հարցումներ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կու գանք տեղեկացնել մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ…

ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, 8 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ,   6 Յունուար 2020, ժամը՝ 15.00-17.00-ի միջեւ   համայնքային եւ թաղային մարմիններու, Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ   Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստին հնչեցնելու. «Քրիստոս ծնաւ…