ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Պատրիարքական Աթոռոյ համալիրէն ներս ամանորեան ուրախութիւնը կը սկսի Պատրիարքարանի տօնածառի եւ շքամուտքի զարդարմամբ։ Այնուհետեւ, աւանդական դարձած տեսարանը այս տարի եւս պարզուեցաւ Գումգաբուէ ներս, 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի օր։ Ն.Ա.Տ. Սահակ…

ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՈՅԹԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Էսայեան Սանուց Միութեան Մարալ Երգի-Պարի Համոյթը, իր հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, 15 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի երեկոյեան, Ստանպուլի Համագումարներու Կեդրոնին մէջ, բացառիկ հանդիսութիւն մը սարքեց։ Իմաստալից այս երեկոյեան պատուոյ հիւրերն էին Ն.Ա.Տ….

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի՝   Ա. Գահակալութիւն՝ 11 Յունուար 2020, Շաբաթ երեկոյեան…

Ս. ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ս. Յակոբի Տօնին առթիւ, 15 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան Գերապայծառը։   Յաւարտ Ս. Պատարագի,…

ԳԷՈՐԳ ԷՕԶԳԱՐԱԿԷՕԶ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիա Հայտէրի վարչայիններէն Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Ան եկած էր Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու գիրքի շնորհանդէսի…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ….

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Ընտրեալ Պատրիարք, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան Քոյր Եկեղեցիներու եւ քաղաքական գործիչներու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները՝ 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը՝ 10.00էն 17.00ի ընթացքին Պատրիարքարանի Դահլիճին…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Նորակազմ Կրօնական Ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։   Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական…