ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Յուլիս 2005 Չորեքշաբթի,ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեց 25հոգինոց Ֆրանսացի կաթոլիկ ուխտաւորներու խումբ մը՝ ԿաթոլիկԵկեղեցւոյ Կափ թեմէն։ Խումբը դէպի Նոր Ուխտի սրբավայրերուկազմակերպուած ուխտագնացութեան նպատակով…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵԼԺԻԱՅԷՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 26 Յուլիս 2005 Երեքշաբթի,Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեց Պելժիայէնհամալսարանականներու 15 հոգինոց խումբի մը այցելութիւնը։Խումբին կ՚ընկերանար Պելժիոյ Պոլսոյ Աւագ Հիւպատոս՝ ԹոմասԱնթուան։ Այս խումբը հիմնուած էր 1954 թուականին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՕՐՀՆԵՑ ՀԱՅԱԶԳԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Յուլիս 2005 Շաբաթերեկոյեան, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզինմէջ ընդունեց լիբանանահայ եւ ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբմը, առաջնորդութեամբ Աւետիս Չափարեանի։ Խումբի անդամները կը վերադառնային Թուրքիոյ…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ.Տրդատ Քահանայ Ուզունեանի, 14 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի ժամը19.00-ին մասնակցեցաւ Ֆրանսական Հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային Տօնին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Նորին…

ԷՄԻՆԷՕՆԻՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Էմինէօնիւի քաղաքապետ՝ իրաւաբան Նէվզատ Էր, 13 Յուլիս 2005,Հինգշաբթի առաւօտ, քաղաքապետութեան աւագ պաշտօնեաներուընկերակցութեամբ այցելեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ ՄայրԵկեղեցին եւ նախաճաշեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւատենապետ Էֆրիմ Պաղի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղայինխորհուրդի…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 15 Յուլիս 2005, Ուրբաթ, ժամը 18.00-ին, ժամանեց ՄեծԿղզիի Անատոլու Ակումբի նաւամատոյցը, ուր ծաղկեփունջով մը դիմաւորուեցաւ ԿղզիներուԲարեկամներու Միութեան Բ. Ատենապետ եւ Փառատօնի Կարգադիր Յանձնախումբի անդամՅովսէփ Էօզաճարի,…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՏՈՄԱՐԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 11 Յուլիս 2005 Երկուշաբթի,ժամը 10.15ին այցելեց Կալաթասարայի Մեծն Բրիտանիոյ Հիւպատոսարանը, որու շքամուտքին՝ Աւագ ՀիւպատոսուհիՊարպարա Հէյի Լոնտոն գտնուելուն պատճառաւ, դիմաւորուեցաւտեղակալին կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ստորագրեց այն ցաւակցական…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԼԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան իշխանութիւններուն Պատրիարքական Աթոռին եւԹուրքիոյ Հայ համայնքին ցաւակցութիւնները փոխանցեցահաբեկիչներուն կողմէ Լոնտոնի մէջ արձակուած ռումբերունհետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն համար։ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ Վեհափառ Թագուհիին, Բրիտանիոյ…

ԿԱՐՕ ՔԻՒՐՔՄԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՒՏԻՆԱՅԻ ՅԱԽՃԱՊԱԿԻՆԵՐՈՒՆ

Կարօ Քիւրքման, որ հանրածանօթ է իր հրատարակած գեղարուեստինուիրուած պատմաբանասիրական հատորներով, ԱզգայինՊատրիարքարան այցելեց եւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօրնուիրեց իր վերջին գիրքը. «Toprak, Ateş, Sır»։ Գեղարուեստականբարձր որակով տպուած նոր հատորը հրատարակութիւնն…

ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՈՖ. ՏՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԸ

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին նախագահ՝ Փրոֆ. Տքթ. Բաբգէն Արարքցեան 1 Յուլիս 2005 Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 05.00-ին Պոլիս ժամանեց Երեւան-Պոլիս չուերթով։ Տքթ. Արարքցեանին կ՚ուղեկցեն իր կողակիցը՝ Կարինէ Արարքցեան, իր…